ԵՍԹԵՐ 9
9
ՀՐԵԱՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐԸ ԿԸ ՋԱՐԴԵՆ
1Տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը թագաւորին խօսքին ու հրամանին կատարուելու ժամանակը հասնելով՝ մինչ Հրեաներուն թշնամիները կը յուսային անոնց վրայ տիրել, ներհակը պատահեցաւ. վասն զի Հրեաները իրենց թշնամիներուն վրայ տիրեցին։ 2Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ Հրեաները իրենց քաղաքներուն մէջ հաւաքուեցան, որպէս զի իրենց չարիք ուզողներուն վրայ ձեռք երկնցնեն ու ամենեւին մէկը չկրցաւ անոնց դէմ կենալ, վասն զի անոնց վախը բոլոր ժողովուրդներուն վրայ ինկեր էր։ 3Գաւառներուն բոլոր իշխաններն ու նախարարները եւ կուսակալներն ու թագաւորին գործակալները Հրեաներուն ձեռնտու էին. վասն զի անոնց վրայ Մուրթքէին վախը ինկեր էր։ 4Քանզի Մուրթքէ թագաւորին պալատին մէջ մեծ էր ու անոր համբաւը բոլոր գաւառները տարածուեր էր. վասն զի Մուրթքէ երթալով կը մեծնար։ 5Հրեաները իրենց բոլոր թշնամիները սրով մեռցուցին ու խիստ մեծ կոտորած ըրին ու զիրենք ատողներուն իրենց ուզածին պէս ըրին։ 6Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ մեռցուցին. 7Նաեւ Փարսանդաթանը, Դաղփոնը, Ասփաթան, 8Փորաթանը, Ադալիան, Արիդաթան, 9Փարմասթան, Արիսային, Արիդային ու Վայեզաթան, 10Հրեաներու թշնամիին, Ամադաթայի որդիին Համանին, տասը տղաքները մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ 11Այն օրը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ մեռցուածներուն հաշիւը թագաւորին առջեւ եկաւ։
12Թագաւորը Եսթեր թագուհիին ըսաւ. «Հրեաները Շուշան մայրաքաղաքին մէջ հինգ հարիւր մարդ ու Համանին տասը տղաքը մեռցնելով կորսնցուցին. թագաւորին միւս գաւառներուն մէջ ինչե՜ր ըրած պիտի ըլլան. հիմա ի՞նչ է խնդիրքդ. պիտի տրուի քեզի. ալ ի՞նչ աղաչանք ունիս. պիտի կատարուի»։ 13Եսթեր ըսաւ. «Եթէ թագաւորը կը հաճի, Շուշանի մէջ եղող Հրեաներուն հրաման տրուի, որ վաղն ալ այս օրուան հրովարտակին համեմատ ընեն ու Համանի տասը տղաքը փայտի վրայ կախուին»։ 14Թագաւորը ըսաւ, որ այնպէս ըլլայ ու Շուշանի մէջ հրամանը հրատարակուեցաւ ու Համանին տասը տղաքը կախուեցան։ 15Շուշանի մէջ եղող Հրեաները Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրն ալ հաւաքուեցան ու Շուշանի մէջ երեք հարիւր մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ 16Եւ թագաւորին գաւառներուն մէջ եղող միւս Հրեաները հաւաքուեցան ու իրենց կեանքը պաշտպանեցին եւ իրենց թշնամիներէն հանգստացան ու զիրենք ատողներէն եօթանասունըհինգ հազար մարդ մեռցուցին. բայց աւարին ձեռք չերկնցուցին։ 17Ասիկա Ադար ամսուան տասնըերեքերորդ օրը եղաւ եւ անոր տասնըչորրորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։ 18Իսկ Շուշանի մէջ եղող Հրեաները այն ամսուան տասնըերեքերորդ օրը ու տասնըչորրորդ օրը հաւաքուեցան ու տասնըհինգերորդ օրը հանգստացան ու զանիկա կոչունքի եւ ուրախութեան օր ըրին։ 19Այս պատճառով գիւղացի Հրեաները անպարիսպ գիւղաքաղաքներու մէջ բնակողները, Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ուրախութեան, կոչունքի ու տօնախմբութեան օր կ’ընեն ու այն օրը ամէն մարդ իր բարեկամին ընծաներ կը ղրկէ։
20Մուրթքէ այս բաները գրեց ու Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ մօտ ու հեռու եղող բոլոր Հրեաներուն թուղթեր ղրկեց, 21Պատուիրելով անոնց, որ ամէն տարի Ադար ամսուան տասնըչորրորդ օրը ու անոր տասնըհինգերորդ օրը տօն կատարեն 22(Քանի որ այդ օրերուն Հրեաները իրենց թշնամիներէն հանգստացան եւ այդ ամսուն անոնց տրտմութիւնը՝ ուրախութեան ու անոնց սուգը ցնծութեան փոխուեցաւ), զանոնք կոչունքի եւ ուրախութեան օրեր ընեն, որոնց մէջ ամէն մարդ իր բարեկամին՝ ընծաներ ու աղքատներուն պարգեւներ ղրկեն։ 23Հրեաները խոստացան իրենց սկսածին ու Մուրթքէին իրենց գրածին պէս ընել։ 24Վասն զի բոլոր Հրեաներուն թշնամին Ագագացի Ամադաթայի որդին Համան Հրեաները կորսնցնել խորհեցաւ ու զանոնք բնաջինջ ընելու եւ կորսնցնելու համար Փուր, այսինքն վիճակ ձգեց։ 25Բայց երբ Եսթերը թագաւորին առջեւ գնաց, թագաւորը հրովարտակով հրամայեց, որ Հրեաներուն դէմ Համանի ըրած չար ծրագիրը իրեն գլուխը դառնայ եւ զանիկա ու անոր տղաքը փայտի վրայ կախեն։ 26Ասոր համար այն օրերը #9:26 Այսինքն, վիճակՓուր անունէն Փուրիմ ըսուեցան եւ այս պատճառով այս թուղթին խօսքերուն համար, անոնց տեսած ու անոնց պատահած բաներուն համար 27Հրեաները որոշեցին ու իրենց եւ իրենց սերունդին ու բոլոր իրենց միացողներուն օրէնք դրին, որ ամէն տարի այն երկու օրը, իրենց տրուած թելադրանքներուն համաձայն, անպատճառ տօն պահեն։ 28Այս օրերը ամէն դարու մէջ, ամէն ազգատոհմի մէջ, ամէն գաւառի մէջ ու ամէն քաղաքի մէջ թող յիշուին ու պահուին եւ այս Փուրիմի օրերը Հրեաներէն յիշուին ու անոնց յիշատակը իրենց սերունդէն չվերնայ։
ՓՈՒՐԻՄԻՆ ՏՕՆԸ
29Աբիքէլի աղջիկը Եսթեր թագուհին ու Հրեայ Մուրթքէն Փուրիմը հաստատելու համար այս երկրորդ նամակը կատարեալ իշխանութեամբ գրեցին. 30Ասուերոսի թագաւորութեան հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն՝ խաղաղութեան ու հաւատարմութեան խօսքերով թուղթեր ղրկեցին, 31Որ այս Փուրիմի օրերը իրենց որոշ ժամանակին մէջ հաստատեն, ինչպէս Հրեայ Մուրթքէն ու Եսթեր թագուհին անոնց պատուիրեցին ու ինչպէս Հրեաները իրենց համար ու իրենց սերունդին համար ծոմապահութեան ու իրենց աղաղակին վերաբերեալ բաները հաստատեցին։ 32Այսպէս Եսթերի հրամանը այս Փուրիմին պահպանութիւնը հաստատեց ու գրքին մէջ գրուեցաւ։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 9: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.