ԵՍԹԵՐ 8
8
ՀՐՈՎԱՐՏԱԿԸ ԿԸ ԽԱՓԱՆՈՒԻ
1Այն օրը Ասուերոս թագաւորը Հրեաներու թշնամիին Համանին տունը Եսթեր թագուհիին պարգեւեց ու Մուրթքէն թագաւորին առջեւ եկաւ, վասն զի Եսթեր թագաւորին յայտներ էր թէ անիկա իրեն ի՛նչ ազգական էր։ 2Եւ թագաւորը առաւ իր մատանին, որ Համանէն հաներ էր ու զանիկա Մուրթքէին տուաւ ու Եսթեր Համանին տանը վրայ դրաւ Մուրթքէն։
3Եսթեր նորէն թագաւորին առջեւ խօսեցաւ ու անոր ոտքերը ինկաւ եւ լալով անոր աղաչեց որ Ագագացի Համանին չարութիւնը ու Հրեաներուն դէմ պատրաստած ծրագիրը խափանէ։ 4Թագաւորը ոսկի գաւազանը Եսթերին երկնցուց ու Եսթեր ելաւ ու թագաւորին առջեւ կայնեցաւ 5Ու ըսաւ. «Եթէ թագաւորին հաճոյ կ’երեւնայ ու ես քու առջեւդ շնորհք գտայ ու եթէ այս բանը թագաւորին առջեւ ուղիղ կ’երեւնայ ու ես քու աչքերուդ հաճոյ եմ, թող գրուի որ Ագագացի Ամադաթային որդիին Համանին ծրագիրը, այսինքն թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ եղող Հրեաները կորսնցնելու համար անոր գրած հրովարտակները, խափանուին։ 6Վասն զի իմ ժողովուրդիս վրայ գալու չարիքը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել. իմ ազգականներուս կորուստը ի՞նչպէս կրնամ տեսնել»։
7Ասուերոս թագաւորը Եսթեր թագուհիին ու Հրեայ Մուրթքէին ըսաւ. «Ահա Համանին տունը Եսթերին պարգեւեցի ու զանիկա փայտի վրայ կախեցին՝ Հրեաներուն վրայ ձեռք երկնցնելուն համար։ 8Եւ դուք Հրեաներուն համար ձեզի հաճոյ երեւցածը թագաւորին անունովը գրեցէք ու թագաւորին մատանիովը կնքեցէ՛ք. վասն զի թագաւորին անունովը գրուած ու թագաւորին մատանիովը կնքուած հրովարտակը չի խափանուիր»։
9Այն ատեն երրորդ ամսուան, այսինքն Սիվան ամսուան, քսանըերեքերորդ օրը թագաւորին գրագիրները կանչուեցան ու Հրեաներուն ու Հնդկաստանէն մինչեւ Եթովպիա եղող գաւառներուն, հարիւր քսանըեօթը գաւառներուն, նախարարներուն եւ կուսակալներուն ու իշխաններուն, ամէն գաւառին իր գրովը ու ամէն ազգին իր լեզուովը ու Հրեաներուն իրենց գրովը ու լեզուովը գրուեցաւ՝ Մուրթքէին բոլոր հրամայածին պէս։ 10Ասուերոս թագաւորին անունովը գրեց ու թագաւորին մատանիովը կնքեց եւ ձիերու, նժոյգներու ու մատակ ձիերու, ջորիներու վրայ հեծած սուրհանդակներով հրովարտակներ ղրկեց, 11Որոնցմով թագաւորը բոլոր քաղաքներու Հրեաներուն հրաման տուաւ որ հաւաքուին ու իրենց կեանքը պաշտպանեն եւ իրենց վրայ յարձակող ազգին ու գաւառին բոլոր մարդիկը, տղաքներն ու կիները կոտորեն, մեռցնեն ու կորսնցնեն եւ անոնց ունեցածը յափշտակեն։ 12Մէկ օրուան մէջ՝ Ասուերոս թագաւորին բոլոր գաւառներուն մէջ, տասնըերկրորդ ամսուան, այսինքն Ադար ամսուան, տասնըերեքերորդ օրը։ 13Հրովարտակին պատուէրը այս էր, որ հրամանը ամէն մէկ գաւառին մէջ հրատարակուի ու բոլոր ժողովուրդներուն բացատրուի, որպէս զի Հրեաները նոյն օրը իրենց թշնամիներէն վրէժ առնելու պատրաստ ըլլան։ 14Սուրհանդակները նժոյգներու ու ջորիներու վրայ հեծան ու թագաւորին հրամանէն ստիպուելով՝ արտորացին ճամբայ ելլելու ու հրովարտակը Շուշան մայրաքաղաքին մէջ ալ հրատարակուեցաւ։
15Մուրթքէն ելաւ թագաւորին առջեւէն՝ կապուտակէ ու ճերմակ բեհեզէ թագաւորական զգեստով եւ ոսկիէ մեծ թագով ու բեհեզեղէն ու ծիրանի պատմուճանով եւ Շուշան քաղաքը ուրախացաւ ու ցնծութիւն ըրաւ։ 16Հրեաները լոյս, ուրախութիւն, ցնծութիւն ու պատիւ ունեցան։ 17Բոլոր գաւառներուն մէջ ու բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ ուր թագաւորին հրամանն ու հրովարտակը կը հասնէր, Հրեաները ուրախութիւն ու ցնծութիւն ունեցան եւ կոչունքի ու տօնախմբութեան օր ըրին ու երկրին ժողովուրդներէն շատերը Հրեայ եղան, վասն զի անոնց վրայ Հրեաներուն վախը ինկաւ։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 8: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.