ԵՍԹԵՐ 10
10
ԱՍՈՒԵՐՈՍԻ ՄԵԾՆԱԼԸ ԵՒ ՄՈՒՐԹՔԷԻ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼԸ
1Ասուերոս թագաւորը ցամաք երկիրներու վրայ ու ծովու կղզիներուն վրայ տուրք դրաւ։ 2Անոր քաջութեանը բոլոր գործերը ու զօրութիւնը եւ Մուրթքէի մեծութեանը փառքը, որով թագաւորը զանիկա մեծցուց, ահա Մարերու եւ Պարսիկներու թագաւորներուն ժամանակագրութեան գրքին մէջ գրուած են։ 3Վասն զի Հրեայ Մուրթքէն Ասուերոս թագաւորին երկրորդն էր ու Հրեաներուն մէջ՝ մեծ ու իր եղբայրներուն հաճոյ էր. իր ազգին աղէկութիւնը կը փնտռէր եւ իր բոլոր սերունդին խաղաղութեանը վերաբերեալ բաներ կը խօսէր։
Currently Selected:
ԵՍԹԵՐ 10: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.