ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8
8
1Իմաստունին պէս ո՞վ կայ
Ու խօսքի մեկնութիւնը ո՞վ գիտէ։
Մարդուն իմաստութիւնը անոր երեսը կը փայլեցնէ
Ու երեսին պնդութիւնը կը փոխուի։
ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՀՆԱԶԱՆԴԻԼ
2Թագաւորին հրամանը կատարէ
Աստուծոյ ուխտին համաձայն։
3Անոր առջեւէն ելլելու մի՛ արտորար,
Չար գործի մէջ մի՛ կենար,
Վասն զի անիկա ինչ որ ուզէ՝ կ’ընէ։
4Ուր որ թագաւորին խօսքը կայ, հոն իշխանութիւն կայ.
Ու ո՞վ կրնայ անոր ըսել՝ «Ի՞նչ կ’ընես»։
5Պատուիրանքը պահողը չարիքի չի հանդիպիր
Եւ իմաստունին միտքը ժամանակն ու ճամբան գիտէ։
6Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի,
Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։
7Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր
Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։
8Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։
Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ.
Պատերազմին մէջ #8:8 Կամ, զինադադարարձակում չկայ
Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։
ԱՄԲԱՐԻՇՏՆ ՈՒ ԱՐԴԱՐԸ
9Ասոնց ամէնքը տեսայ
Ու արեւուն տակ եղող ամէն գործի իմ սիրտս տուի։
Ատեն կայ, երբ մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ
Իրեն թշուառութեան համար։
10Տեսայ ամբարիշտներ,
Որոնք թաղուեցան գացին ու սուրբ տեղէն ելան
Եւ մոռցուեցան այն քաղաքին մէջ, ուր այսպէս բաներ ըրին։
Այս ալ ունայնութիւն է։
11Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր,
Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը
Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։
12Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ
Ու անոր կեանքը երկննայ ալ,
Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝
Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ,
13Բայց ամբարշտին բարութիւն պիտի չըլլայ։
Անիկա իր օրերը պիտի չերկնցնէ, հապա ստուերի պէս պիտի ըլլայ.
Վասն զի Աստուծոյ երեսէն չի վախնար։
14Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ,
Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի
Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։
Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։
15Ես ուրախութիւնը գովեցի,
Վասն զի մարդ արեւուն տակ
Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ
Աղէկ բան մը չունի։
Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ
Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։
16Երբ ես իմ սիրտս տուի իմաստութիւնը գիտնալու
Ու երկրի վրայ եղած զբաղումները տեսնելու
(Վասն զի թէ՛ ցորեկ եւ թէ՛ գիշեր
Իր աչքը քուն չտեսնող մարդ կայ)։
17Այն ատեն Աստուծոյ բոլոր գործերէն հասկցայ,
Թէ մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ.
Վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ
Ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար։
Currently Selected:
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8: WARMB
Highlight
Copy
Compare
Share
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.