1
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:15
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Ես ուրախութիւնը գովեցի, Վասն զի մարդ արեւուն տակ Ուտելէ, խմելէ եւ ուրախութիւն ընելէ զատ Աղէկ բան մը չունի։ Վասն զի արեւուն տակ Աստուծոյ տուած կեանքին օրերուն մէջ Իր աշխատանքէն ասիկա կը մնայ իրեն։
Compare
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:15
2
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:12
Թէեւ մեղաւորը հարիւր անգամ չարութիւն ընէ Ու անոր կեանքը երկննայ ալ, Ամէն պարագայի ստոյգ գիտեմ թէ բարութիւնը՝ Աստուծմէ վախցողներուն, անոր երեսէն վախցողներուն պիտի ըլլայ
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:12
3
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:6
Վասն զի ամէն դիտաւորութիւն իր ժամանակն ու յարմարութիւնը ունի, Քանզի մարդուն վրայ շատ նեղութիւն կու գայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:6
4
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:8
Հոգիին վրայ իշխող մարդ չկայ, որ հոգին արգիլէ։ Մահուան օրուանը վրայ տիրող չկայ. Պատերազմին մէջ արձակում չկայ Ու ամբարշտութիւնը իրեն հետեւողները չ’ազատեր։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:8
5
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:11
Որովհետեւ գէշ գործին վրայ վճիռը շուտով չի կատարուիր, Այս պատճառով մարդոց որդիներուն սիրտը Չարութիւն ընելու փափաքով լեցուած է։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:11
6
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:14
Ունայնութիւն մը կայ, որ աշխարհիս վրայ կ’ըլլայ, Այսինքն արդարներ կան, որոնց ամբարիշտներուն գործին պէս կը պատահի Ու ամբարիշտներ ալ կան, որոնց արդարներուն գործին պէս կը պատահի։ Ըսի թէ՝ «Այս ալ ունայնութիւն է»։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:14
7
ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:7
Վասն զի անիկա ըլլալիքը չի գիտեր Եւ ո՞վ պիտի յայտնէ անոր թէ ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։
Explore ԺՈՂՈՎՈՂԻ 8:7