YouVersion Logo
Search Icon

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 7

7
ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ
1 Բարի անունը՝ հոտաւէտ իւղէն
Ու մահուան օրը ծննդեան օրէն աղէկ է։
2Սուգի տուն երթալը
Կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է.
Վասն զի ամէն մարդու վախճանը այն է
Ու կենդանի եղողը զանիկա իր սրտին մէջ պէտք է պահէ։
3 # 7:3 Կամ, Սրտմտութիւնը Տրտմութիւնը ծիծաղելէն աղէկ է,
Վասն զի երեսին տրտմութիւնովը սիրտը կը զուարճանայ։
4Իմաստուններուն սիրտը՝ սուգի տուն,
Իսկ յիմարներուն սիրտը ուրախութեան տուն կ’ըլլայ։
5Իմաստունին յանդիմանութիւնը լսելը
Յիմարներուն երգը լսելէն աղէկ է։
6Վասն զի ինչպէս է փուշերուն ձայնը կաթսային տակ,
Յիմարներուն ծիծաղն ալ այնպէս է։
Ասիկա ալ ունայնութիւն է։
7Իրաւ որ բռնութիւնը իմաստունը յիմար կ’ընէ
Ու կաշառքը մարդուն սիրտը կ’ապականէ։
8Բանի մը վախճանը սկիզբէն աղէկ է
Ու երկայնամիտ ոգին հպարտ ոգիէն աղէկ է։
9Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու,
Քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի։
10Մի՛ ըսեր՝ «Ինչո՞ւ համար առաջուան օրերը այս օրերէն աղէկ էին»,
Վասն զի այս բանին համար ըրած հարցումդ իմաստութեամբ չէ։
11Իմաստութիւնը ժառանգութեան պէս աղէկ է
Ու արեւը տեսնողներուն օգտակար է։
12Վասն զի իմաստութեան հովանաւորութիւնը
Արծաթին հովանաւորութեան պէս է։
Բայց գիտութեան օգուտն այս է,
Որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ։
13Աստուծոյ գործին նայէ,
Վասն զի անոր ծռածը ո՞վ կրնայ շտկել։
14Աղէկ օրը աղէկութեամբ անցուր
Ու գէշ օրը զգուշութիւն ըրէ։
Աստուած իրարու առջեւ դրաւ ասոնք,
Որպէս զի մարդ իրմէ ետքը բան մը չգտնէ։
15Իմ ունայն կեանքիս մէջ ամէն բան տեսայ
Արդար կայ, որ իր արդարութեանը մէջ կը կորսուի
Եւ ամբարիշտ կայ, որ իր ամբարշտութեանը մէջ իր կեանքը կ’երկնցնէ։
16Խիստ շատ արդար մի՛ ըլլար։
Ինքզինքդ չափէ դուրս իմաստուն մի՛ կարծեր։
17Խիստ ամբարիշտ մի՛ ըլլար ու յիմար մի՛ ըլլար.
Ինչո՞ւ համար ատենդ չեկած մեռնիս։
18Աղէկ է, որ մէկը բռնես ու միւսէն ալ ձեռքդ չքաշես,
Վասն զի Աստուծմէ վախցողը ամենէն ապահով կ’ելլէ։
19Իմաստութիւնը աւելի ոյժ կու տայ իմաստունին,
Քան թէ քաղաքի մը մէջ եղող տասը իշխան՝ այն քաղաքին։
20Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ,
Որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ։
21Արդ քու սիրտդ ամէն խօսուած խօսքերուն մի՛ տար,
Որպէս զի քու ծառայիդ անէծք տալը չլսես.
22Վասն զի քու սիրտդ գիտէ թէ
Դուն ալ շատ անգամ ուրիշներուն անէծք տուած ես։
23Ասոնց ամէնքը իմաստութեամբ փորձեցի
Եւ ըսի՝ «Ես իմաստուն պիտի ըլլամ»։
Բայց անիկա ինծմէ հեռու էր։
24Ինչ որ հեռուն է
Ու խիստ խորունկ եղածը ո՞վ կրնայ գտնել։
25Ես իմ սրտովս պտըտեցայ, որպէս զի գիտնամ եւ քննեմ
Ու փնտռեմ իմաստութիւնն ու հանճարը
Եւ յիմարութեան չարութիւնը
Ու անմտութիւնը եւ խենդութիւնը։
26Ես մահուանէն աւելի դառն գտայ այն կինը,
Որուն սրտին մէջ ցանցեր եւ ուռկաններ
Ու ձեռքերուն մէջ կապանքներ կան։
Աստուծոյ առջեւ հաճելի եղողը անկէ կ’ազատի,
Բայց մեղաւորը անկէ կը բռնուի։
27Ահա ասիկա գտայ, կ’ըսէ Ժողովողը,
Մէկիկ մէկիկ համրելով՝ հաշիւը գտնելու համար.
28(Որ հոգիս տակաւին կը փնտռէ,
Բայց չեմ կրնար գտնել)։
Այր մարդ՝ հազարէն մէկը գտայ,
Բայց բոլոր ասոնց մէջ մէկ կին չգտայ։
29Ահա միայն ասիկա գտայ՝
Թէ Աստուած մարդը ուղիղ ստեղծեց,
Բայց անոնք շատ հնարքներ փնտռեցին։

Currently Selected:

ԺՈՂՈՎՈՂԻ 7: WARMB

Highlight

Copy

Compare

Share

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in