YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 9

9
ԻՍՐԱՅԷԼԻՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
1«Ո՛վ Իսրայէլ, մտիկ ըրէ՛. Դուն այսօր Յորդանանէն կ’անցնիս, որպէս զի երթաս քեզմէ մեծ ու զօրաւոր ազգերու, մինչեւ երկինք բարձրացող պարսպապատ մեծ քաղաքները ժառանգես։ 2Այն մեծ ու երկայնահասակ ազգը՝ Ենակիմներուն որդիները՝ որոնք դուն կը ճանչնաս ու որոնց համար լսեր ես՝ ‘Ենակին որդիներուն ո՞վ կրնայ դէմ դնել’։
3Արդ՝ այսօր գիտցիր թէ քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ կ’երթայ իբրեւ մաշող կրակ ու զանոնք պիտի կորսնցնէ եւ քու առջեւէդ զանոնք պիտի նուաճէ եւ դուն զանոնք պիտի հալածես ու շուտով կորսնցնես, ինչպէս Տէրը քեզի ըսաւ։ 4Երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու առջեւէդ հալածէ, սրտիդ մէջ չըսես թէ Տէրը իմ արդարութեանս համար զիս այս երկիրը բերաւ, որպէս զի ժառանգեմ. քանզի Տէրը այս ազգերը իրենց անօրէնութեանը համար քու առջեւէդ կը վռնտէ։ 5Ո՛չ թէ քու արդարութեանդ ու սրտիդ ուղղութեանը համար կը մտնես անոնց երկիրը ժառանգելու, այլ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերուն անօրէնութեանը համար զանոնք քու առջեւէդ կը վռնտէ եւ որպէս զի հաստատէ այն խօսքը՝ որուն համար քու հայրերուդ՝ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին՝ երդում ըրաւ։ 6Ուստի գիտցիր թէ քու արդարութեանդ համար չէ, որ քու Տէր Աստուածդ այս աղէկ երկիրը քեզի ժառանգել կու տայ. քանզի դուն խստապարանոց ժողովուրդ մըն ես։
7Միտքդ պահէ՛ ու մի՛ մոռնար, թէ դուն քու Տէր Աստուածդ անապատին մէջ բարկացուցիր. Եգիպտոսի երկրէն ելած օրէդ մինչեւ հոս եկած օրդ Տէրոջը անհնազանդ եղաք։ 8Քորէբի մէջ ալ Տէրը բարկացուցիք եւ Տէրը ձեզ կորսնցնելու համար ձեզի բարկացաւ։ 9Երբ ես լեռը ելայ, որպէս զի քարեղէն տախտակները առնեմ, այսինքն Տէրոջը ձեզի հետ ըրած ուխտին տախտակները, քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լեռը կեցայ. ո՛չ հաց կերայ եւ ո՛չ ջուր խմեցի. 10Այն ատեն Տէրը տուաւ ինծի Աստուծոյ մատովը գրուած երկու քարեղէն տախտակները, որոնց վրայ գրուած էին բոլոր այն խօսքերը, որոնք ժողովին օրը լերանը վրայ կրակին մէջէն Տէրը ձեզի խօսեցաւ։ 11Արդ՝ քառասուն օրէն ու քառասուն գիշերէն ետքը Տէրը երկու քարեղէն տախտակները, այսինքն ուխտին տախտակները, ինծի տուաւ։ 12Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու շուտով ասկէ վա՛ր իջի՛ր, քանզի ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր. իմ պատուիրած ճամբայէս շուտով խոտորեցան, իրենց ձուլածոյ կուռք շինեցին’։ 13Նաեւ Տէրը ինծի հետ խօսելով ըսաւ. ‘Ես այս ժողովուրդին նայեցայ եւ ահա խստապարանոց ժողովուրդ մըն է ան. 14Թող տուր որ զանոնք կորսնցնեմ ու անոնց անունը երկնքի տակէն բնաջինջ ընեմ եւ քեզ անոնցմէ զօրաւոր ու բազմաթիւ ազգ մը պիտի ընեմ’։
15Այն ատեն ես դարձայ, լեռնէն վար իջայ ու լեռը կրակով կ’այրէր եւ ուխտին երկու տախտակները երկու ձեռքերուս մէջ էին։ 16Ետքը նայեցայ տեսայ, որ ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործելով ձեզի ձուլածոյ հորթ շիներ էիք, Տէրոջը ձեզի պատուիրած ճամբայէն շուտով խոտորեր էիք։ 17Այն ատեն երկու տախտակները բռնեցի ու իմ երկու ձեռքերուս վրայէն վար նետեցի եւ ձեր աչքերուն առջեւ զանոնք կոտրտեցի։ 18Ետքը առաջուան պէս Տէրոջը առջեւ #9:18 Եբր., ինկայաղաչեցի քառասուն օր ու քառասուն գիշեր. ո՛չ հաց կերայ, ո՛չ ալ ջուր խմեցի, ձեր գործած բոլոր մեղքին համար, վասն զի Տէրոջը առջեւ չարութիւն ընելով զանիկա բարկացուցեր էիք. 19Քանզի վախցայ այն սոսկալի բարկութենէն, որով Տէրը ձեր վրայ բարկացաւ ձեզ կորսնցնելու համար։ Սակայն Տէրը այն անգամին ալ ինծի լսեց 20Եւ Տէրը Ահարոնին խիստ բարկացաւ, այնպէս որ զանիկա պիտի կորսնցնէր։ Նոյն ատեն Ահարոնին համար ալ աղօթք ըրի։ 21Ձեր ըրած մեղքը, այսինքն հորթը, առի ու զանիկա կրակով այրեցի։ Ետքը զանիկա ծեծելով լաւ մը փշրեցի, մինչեւ որ մանր փոշի եղաւ եւ այն փոշին լեռնէն իջնող առուին մէջ նետեցի։
22Նաեւ Տաբերայի, Մասսայի ու Կիբրօթ-Հաթթավայի մէջ Տէրը բարկացուցիք։ 23Երբ Տէրը ձեզ Կադէս-Բառնեայէն ղրկեց եւ ձեզի ըսաւ՝ ‘Ելէ՛ք ու իմ ձեզի տուած երկիրս ժառանգեցէ՛ք’, այն ատեն ձեր Տէր Աստուծոյն հրամանին անհնազանդութիւն ըրիք ու անոր չհաւատալով՝ անոր խօսքին մտիկ չըրիք։ 24Ձեզ ճանչցած օրէս ի վեր Տէրոջը անհնազանդ էք։
25Ուստի ես քառասուն օր ու քառասուն գիշեր որ աղաչեցի, Տէրոջը առջեւ աղաչեցի, որովհետեւ Տէրը որոշեց որ ձեզ կորսնցնէ։ 26Ես Տէրոջը աղաչելով ըսի. ‘Ո՛վ Տէր Եհովա, մի՛ կորսնցներ քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ, որ քու մեծութիւնովդ ազատեցիր ու զօրաւոր ձեռքով Եգիպտոսէն հանեցիր։ 27Քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակն ու Յակոբը՝ յիշէ եւ այս ժողովուրդին խստութեանը, անօրէնութեանն ու մեղքին մի՛ նայիր. 28Չըլլայ որ այն երկրին, ուրկէ մեզ հանեցիր, բնակիչները ըսեն թէ՝ «Տէրը կարող չըլլալով զանոնք տանելու այն երկիրը, որ անոնց խոստացեր էր կամ զանոնք ատելով, հանեց զանոնք որպէս զի անապատին մէջ մեռցնէ»։ 29Որովհետեւ անոնք քու ժողովուրդդ ու ժառանգութիւնդ են, որոնք դուն քու մեծ զօրութիւնովդ ու բարձր բազուկովդ Եգիպտոսէն հանեցիր’։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 9: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in