Բ. ՕՐԻՆԱՑ 8
8
ԼԱՒ ԵՐԿԻՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ՍՏԱՑՈՒԻ
1«Բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր կու տամ ձեզի, ուշադրութեամբ պիտի կատարէք, որպէս զի ապրիք, շատնաք, մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ Տէրը երդումով խոստացաւ ձեր հայրերուն։ 2Ու յիշէ՛ այն ճամբան, որ քու Տէր Աստուածդ քառասուն տարի քեզ անապատին մէջ պտըտցուց, քեզ խոնարհեցնելու, փորձելու ու սրտիդ մէջինը իմանալու համար, թէ արդեօք դուն իր պատուիրանքները պիտի պահե՞ս՝ թէ ոչ։ 3Տէրը քեզ խոնարհեցուց, անօթեցուց եւ մանանայով կերակրեց, որ ո՛չ դուն կը ճանչնայիր եւ ո՛չ քու հայրերդ, որ գիտնաս թէ մարդ միայն հացով չապրիր, հապա Տէրոջը բերնէն ելած ամէն խօսքովը կ’ապրի։ 4Այդ քառասուն տարին քու վրայէդ լաթերդ չհինցան ու ոտքերդ չուռեցան։
5Որպէս զի սրտիդ մէջ գիտնաս թէ՝ ինչպէս մարդ մը կը խրատէ իր որդին, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզ այնպէս կը խրատէ։ 6Ուրեմն քու Տէր Աստուծոյդ պատուիրանքները պահէ՛, որպէս զի անոր ճամբաներուն մէջ քալես ու անկէ վախնաս։ 7Քանզի քու Տէր Աստուածդ աղէկ երկիր մը կը տանի քեզ, այնպիսի երկիր մը, որ դաշտերէ ու լեռներէ բղխող գետերով, աղբիւրներով ու խորունկ ջուրերով լեցուն է. 8Այնպիսի երկիր մը, որ ցորենով, գարիով, այգիներով, թզենիներով եւ նռնենիներով լեցուն է, իւղ տուող ձիթենիներու ու մեղրի երկիր։ 9Այնպիսի երկիր մը, ուր #8:9 Եբր., առանց չքաւորութեանկուշտ հաց պիտի ուտես ու անոր մէջ ոեւէ բան պիտի չպակսի քեզի։ Երկիր մը, որուն քարերը երկաթ են ու անոր լեռներէն պղինձ կրնաս հանել։
10Ուստի, երբ ուտես ու կշտանաս, քու Տէր Աստուածդ օրհնէ՛ այն աղէկ երկիրը քեզի տալուն համար։
ՏԷՐԸ ՄՈՌՆԱԼՈՒՆ ԴԷՄ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
11Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ ու քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես անոր պատուիրանքները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ։ 12Երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ 13Ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ, 14Թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ Եգիպտացիներու երկրէն, ծառայութեան տունէն քեզ հանեց 15Եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտըտցուց ու քեզի ապառաժէն ջուր հանեց 16Եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէս զի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ եւ վերջը քեզի բարիք ընէ։ 17Սրտիդ մէջ մի՛ ըսեր թէ՝ ‘Այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստկեցայ’. 18Հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ոյժ տուողը ա՛ն է, որպէս զի քու հայրերուդ իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։
19Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, ես այսօր ձեզի կը վկայեմ թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. 20Այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 8: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.