Բ. ՕՐԻՆԱՑ 10
10
ՄՈՎՍԷՍ ՆՈՐԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
(Ելից 34:1-10)
1«Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Քեզի նախորդներուն պէս երկու հատ քարէ տախտակ կոփէ՛ ու լեռը ինծի ելի՛ր ու նաեւ քեզի փայտէ տապանակ մը շինէ՛։ 2Տախտակներուն վրայ քու կոտրած տախտակներուդ վրայի խօսքերը պիտի գրեմ։ Զանոնք տապանակին մէջ դի՛ր’։ 3Ուստի ես Սատիմի փայտէ տապանակ մը շինեցի ու նախորդին պէս երկու քարէ տախտակ կոփեցի ու այն երկու տախտակները ձեռքս առնելով լեռը ելայ։ 4Տէրը տախտակներուն վրայ նոյն տասը խօսքերը գրեց, որոնք Տէրը ձեզի լերանը վրայ կրակին մէջէն խօսեցաւ ժողովին օրը։ Տէրը զանոնք ինծի տուաւ։ 5Անկէ դառնալով լեռնէն վար իջայ ու տախտակները իմ շինած տապանակիս մէջ դրի, որպէս զի հոն մնան, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց»։
6(Իսրայէլի որդիները Բերոթ-Բանէ-Յականէն Մօսէրա չուեցին. հոն մեռաւ Ահարոն ու հոն թաղուեցաւ եւ անոր որդին Եղիազարը անոր տեղ քահանայ եղաւ։ 7Անկէ Գադգադ ու Գադգադէն ջուրի առուներու երկիրը՝ Ետեբաթա՝ չուեցին։
8Այն ատեն Տէրը Ղեւիին ցեղը զատեց, որպէս զի Տէրոջը ուխտին տապանակը կրէ, Տէրոջը առջեւ կենայ որպէս զի անոր ծառայութիւն ընէ ու անոր անունովը օրհնէ մինչեւ այսօր։ 9Այս պատճառով Ղեւի իր եղբայրներուն հետ բաժին ու ժառանգութիւն պիտի չունենայ։ Անոր ժառանգութիւնը Տէրն է, ինչպէս քու Տէր Աստուածդ անոր ըսաւ։)
10«Ես նախորդին նման քառասուն օր ու քառասուն գիշեր լերանը վրայ կեցայ ու Տէրը այս անգամին ալ ինծի մտիկ ընելով չուզեց քեզ կորսնցնել։ 11Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ելի՛ր ու ժողովուրդին առջեւէն չուէ՛, որպէս զի մտնեն ու ժառանգեն այն երկիրը, որ երդումով անոնց հայրերուն խոստացայ, անոնց տալ’։
ԱՍՏՈՒԱԾ Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
12Ուրեմն, ո՛վ Իսրայէլ, քու Տէր Աստուածդ քեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ։ Միայն քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ, իր ճամբաներուն մէջ քալել եւ զինք սիրել։ Նաեւ քու բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ քու Տէր Աստուածդ պաշտել 13Եւ Տէրոջը պատուիրանքներն ու կանոնները պահել, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ 14Ահա երկինք ու երկինքներուն երկինքը, նաեւ երկիր ու բոլոր անոր մէջ եղածը քու Տէր Աստուծոյդ կը վերաբերին։ 15Տէրը քու հայրերուդ հաւնեցաւ ու զանոնք սիրեց եւ անոնցմէ ետքը անոնց զաւակները՝ այսինքն ձեզ՝ ընտրեց բոլոր ազգերուն մէջէն, ինչպէս այսօր կը տեսնէք։ 16Ուստի ձեր սրտերուն անթլփատութիւնը թլփատեցէք ու ձեր պարանոցները ալ մի՛ խստացնէք 17Քանզի ձեր Տէր Աստուածը աստուածներուն Աստուածը ու տէրերուն Տէրն է. մեծ, հզօր ու ահեղ Աստուած է, որ աչառութիւն չ’ըներ ու կաշառք չ’առներ. 18Անիկա որբին ու որբեւարիին իրաւունք կ’ընէ, պանդուխտը կը սիրէ ու անոր հաց ու հանդերձ կու տայ։ 19Ուրեմն պանդուխտը սիրեցէք. քանզի դուք ալ Եգիպտացիներու երկրին մէջ պանդուխտ էիք։ 20Քու Տէր Աստուծմէդ պէտք է վախնաս ու զանիկա պաշտես ու անոր յարիս ու անոր անունովը երդում ընես։ 21Քու պարծանքդ անիկա է եւ քու Աստուածդ անիկա է, որ քեզի համար այս մեծ ու սքանչելի բաներն ըրաւ, որոնք դուն քու աչքերովդ տեսար։ 22Քու հայրերդ եօթանասուն հոգի էին, երբ Եգիպտոս իջան. բայց հիմա քու Տէր Աստուածդ քեզ երկնքի աստղերուն պէս շատցուց։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 10: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.