Բ. ՕՐԻՆԱՑ 7
7
ՏԷՐՈՋԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ
(Ելից 34:11-16)
1«Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ժառանգելու համար ու քու առջեւէդ շատ ազգեր հալածէ, այսինքն Քետացիները, Գերգեսացիները, Ամօրհացիները, Քանանացիները, Փերեզացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները, այս եօթը ազգերը, որոնք քեզմէ մեծ ու զօրաւոր են 2Ու երբ քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ տայ, զանոնք զա՛րկ ու բոլորովին կորսնցուր. անոնց հետ ուխտ մի՛ ըներ ու անոնց մի՛ ողորմիր. 3Ո՛չ ալ անոնց հետ խնամութիւն ըրէ. քու աղջիկդ անոր տղուն մի՛ տար ու անոր աղջիկը քու տղուդ մի՛ առներ. 4Վասն զի քու տղաքներդ իմ ծառայութենէս պիտի հեռացնեն, որով օտար աստուածներ պիտի պաշտեն, այն ատեն Տէրոջը բարկութիւնը ձեր վրայ բորբոքելով ձեզ շուտով պիտի կորսնցնէ։ 5Սակայն՝ անոնց այսպէս ըրէք՝ անոնց սեղանները կործանեցէ՛ք, անոնց արձանները խորտակեցէ՛ք, անոնց Աստարովթները կոտրտեցէք ու անոնց քանդակուած կուռքերը կրակով այրեցէ՛ք։ 6Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես եւ քու Տէր Աստուածդ երկրի երեսին վրայ եղող բոլոր ազգերուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս։ 7Տէրը ձեզ սիրեց ու ընտրեց ո՛չ թէ բոլոր ազգերէն շատ ըլլալնուդ համար, քանզի դուք բոլորէն քիչ էիք։ 8Այլ Տէրը ձեզ սիրելուն համար ու ձեր հայրերուն ըրած երդումը պահելու համար, Տէրը ձեզ զօրաւոր ձեռքով ծառայութեան տունէն հանեց եւ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ձեռքէն ազատեց։ 9Արդ՝ գիտցի՛ր, որ քու Տէր Աստուածդ ի՛նքն է Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն մինչեւ հազար ազգը ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ, 10Բայց զինք ատողներն ալ ուղղակի կը պատժէ եւ կը կորսնցնէ։ Զինք ատողին պատիժը չ’ուշացներ, անոր ուղղակի կը փոխարինէ։ 11Ուրեմն պահէ՛ դուն այն պատուիրանքները, կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ, որպէս զի զանոնք կատարես։
ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
(Բ. Օր. 28:1-14)
12Ուստի եթէ այս օրէնքները լսելով զանոնք պահես ու գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի համար քու հայրերուդ երդում ըրած ուխտն ու ողորմութիւնը պիտի պահէ. 13Նաեւ քեզ պիտի սիրէ եւ քեզ պիտի օրհնէ ու քեզ պիտի շատցնէ եւ քու որովայնիդ պտուղը, քու երկրիդ պտուղը, քու ցորենդ, քու գինիդ, քու իւղդ, կովերուդ ծնունդն ու ոչխարներուդ հօտերը պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ Տէրը քու հայրերուդ երդում ըրաւ որ քեզի տայ։ 14Դուն բոլոր ազգերէն աւելի օրհնեալ պիտի ըլլաս ու ձեր մէջ եւ ձեր անասուններուն մէջ, թէ արուներէն եւ թէ՛ էգերէն, ամուլ պիտի չգտնուի։ 15Տէրը բոլոր հիւանդութիւնները քեզմէ պիտի վերցնէ ու Եգիպտացիներուն գէշ ցաւերը, որոնք դուն գիտես, բնաւ քու վրադ պիտի չբերէ, այլ զանոնք քու բոլոր թշնամիներուդ վրայ պիտի ղրկէ։ 16Եւ դուն պիտի սպառես այն բոլոր ազգերը, որոնք քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքդ պիտի տայ։ Քու աչքդ անոնց պէտք չէ խնայէ ու անոնց աստուածները պէտք չէ պաշտես, վասն զի այն քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ։ 17Եթէ սրտիդ մէջ ըսես թէ ‘Այն ազգերը ինծմէ շատուոր են, ես ի՞նչպէս կրնամ զանոնք հալածել’, 18Անոնցմէ մի՛ վախնար, այլ միշտ յիշէ՛ ինչ որ քու Տէր Աստուածդ ըրաւ Փարաւոնին ու բոլոր Եգիպտացիներուն, 19Այն մեծամեծ փորձանքները, որոնց դուն ականատես եղար, այն նշաններն ու հրաշքները, այն զօրաւոր ձեռքն ու բարձր բազուկը, որոնցմով քու Տէր Աստուածդ քեզ հանեց։ Քու Տէր Աստուածդ նոյնպէս պիտի ընէ այն բոլոր ազգերուն, որոնցմէ դուն կը վախնաս։ 20Նաեւ քու Տէր Աստուածդ անոնց վրայ իշամեղու պիտի ղրկէ, որպէս զի մնացածներն ու քու երեսէդ պահուըտողները կորսուին։ 21Ուրեմն անոնց երեսէն մի՛ վախնար. քանզի քու Տէր Աստուածդ՝ այն զօրաւոր ու ահարկու Աստուածը՝ ձեր մէջ է։ 22Եւ քու Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ. զանոնք պէտք չէ մէկէն հատցնես, որպէս զի դաշտին գազանները չշատնան։ 23Քու Տէր Աստուածդ զանոնք քու ձեռքդ պիտի մատնէ ու զանոնք մեծ կործանումով պիտի կործանէ, մինչեւ ամէնքը բնաջինջ ըլլան։ 24Անոնց թագաւորները քու ձեռքդ պիտի տայ։ Անոնց անունները երկնքի տակէն ոչնչացո՛ւր ու ոեւէ մէկը պիտի չկրնայ քեզի դէմ կենալ, մինչեւ զանոնք կորսնցնես։ 25Անոնց աստուածներուն քանդակուած կուռքերը կրակով պէտք է այրես ու անոնց վրայ եղած ոսկիին ու արծաթին աչք մի՛ տնկեր ու զանոնք քեզի մի՛ առներ, որպէս զի անոնցմով որոգայթի մէջ չբռնուիս. վասն զի անոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ գարշելի են։ 26Արդ՝ գարշելի բան մը տունդ մի՛ տանիր, որպէս զի դուն ալ անոր պէս չնզովուիս։ Անկէ բոլորովին զզուէ՛ ու զանիկա խիստ գարշելի սեպէ՛, վասն զի ան նզովուած է։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 7: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.