YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 2

2
ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋԻ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
1«Այն ատեն ետ դարձանք ու Կարմիր ծովուն ճամբայէն դէպի անապատը չուեցինք, ինչպէս Տէրը ինծի ըսեր էր ու շատ օրեր Սէիր լերանը բոլորտիքը պտըտեցանք։ 2Տէրը ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. 3‘Ալ հերիք է այդ լերանը բոլորտիքը պտըտիք. հիւսիսային կողմը դարձէք։ 4Ժողովուրդին պատուիրէ՛ ու ըսէ՛. Դուք հիմա Սէիր բնակող ձեր եղբայրներուն՝ Եսաւի որդիներուն՝ սահմանէն պիտի անցնիք։ Անոնք ձեզմէ պիտի վախնան, բայց դուք մեծապէս զգուշացէք. 5Անոնց հետ մի՛ կռուիք. քանզի ես ձեզի անոնց երկրէն մէկ ոտնաքայլ տեղ ալ պիտի չտամ, որովհետեւ Սէիր լեռը Եսաւին ժառանգութիւն տուեր եմ։ 6Կերակուրը ստակով ծախու առէք անոնցմէ եւ կերէք եւ ջուրն ալ ստակով ծախու առէք անոնցմէ ու խմեցէք. 7Քանզի քու Տէր Աստուածդ քու ձեռքիդ բոլոր գործերուն մէջ օրհնեց քեզ. անիկա գիտէ թէ դուն այս մեծ անապատին մէջ կը պտըտիս. քու Տէր Աստուածդ այս քառասուն տարին քեզի հետ էր ու բանի մը պակասութիւն չքաշեցիր’։
8Ուստի մենք մեր եղբայրներուն, Եսաւի որդիներուն քովէն, որոնք Սէիր կը բնակէին, Ելաթէն ու Գասիոն-Գաբերէն անցանք ու անկէ դառնալով Մովաբի անապատին ճամբայէն անցանք։ 9Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Մովաբացիներուն թշնամութիւն մի՛ ըներ ու անոնց հետ պատերազմ մի՛ ըներ. քանզի անոնց երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ Արը Ղովտի որդիներուն ժառանգութիւն տուի’։ 10(Այն տեղը առաջ Էմիմները կը բնակէին, որոնք մեծ ու շատուոր ու Ենակիմներուն պէս երկայնահասակ ազգ մըն էին. 11Անոնք ալ Ենակիմներուն պէս հսկաներ կը սեպուէին ու Մովաբացիները զանոնք Էմիմ կը կոչէին։ 12Սէիրի մէջ առաջ Քոռեցիները կը բնակէին, բայց Եսաւի որդիները զանոնք վռնտելով ու իրենց առջեւէն զանոնք ջարդելով՝ անոնց տեղը բնակեցան, ինչպէս Իսրայէլացիները ըրին իրենց ժառանգութեանը երկրին, որ Տէրը անոնց տուաւ։) 13‘Հիմա ելէ՛ք Զարեդ ձորէն անցէք’ Ու մենք Զարեդ ձորէն անցանք։
14Մեր պտըտած օրերը, Կադէս-Բառնեայէն ելլելէն մինչեւ Զարեդ ձորէն անցնիլը, երեսունըութը տարի եղաւ. մինչեւ որ բանակին մէջէն պատերազմող մարդոց ամբողջ սերունդը հատաւ, ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր։ 15Եւ զանոնք բանակին մէջէն բնաջինջ ընելու համար՝ Տէրոջը ձեռքն ալ անոնց վրայ էր, մինչեւ որ անոնք հատան։
16Երբ բոլոր պատերազմող մարդիկը ժողովուրդին մէջէն հատան, 17Տէրը ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. 18‘Դուն այսօր Մովաբի սահմանը եղած Արէն անցիր 19Ու Ամմոնի որդիներուն #2:19 Եբր., դիմացսահմանին մօտեցիր։ Անոնց թշնամութիւն մի՛ ըներ եւ անոնց հետ մի՛ կռուիր. քանզի Ամմոնի որդիներուն երկրէն քեզի ժառանգութիւն պիտի չտամ, որովհետեւ զանիկա Ղովտին որդիներուն ժառանգութիւն տուի։ 20(Այն ալ հսկաներու երկիր կը սեպուէր։ Առաջ այն տեղը հսկաներ կը բնակէին ու Ամմոնացիները զանոնք Զամզումիմ կը կոչէին. 21Որոնք Ենակիմներուն պէս մեծ ու շատուոր եւ երկայնահասակ ազգ մըն էին, բայց Տէրը զանոնք բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն, որոնք վռնտեցին զանոնք եւ անոնց տեղը բնակեցան. 22Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներուն համար ալ ըրաւ, երբ Քոռեցիները բնաջինջ ըրաւ անոնց առջեւէն եւ զանոնք վռնտեցին ու անոնց տեղը բնակեցան մինչեւ այսօր։ 23Աւացիները, որոնք մինչեւ Գազա #2:23 Կամ, Ասերիմիգիւղաքաղաքներու մէջ կը բնակէին, զանոնք ալ Կափթորէն ելլող Կափթորացիները ջարդեցին ու անոնց տեղը բնակեցան։) 24‘Ելէ՛ք, չուեցէ՛ք ու Առնոն ձորէն անցէ՛ք։ Ահա Եսեբոնի թագաւորը, Ամօրհացի Սեհոնը ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի. սկսէ՛ զանիկա ժառանգել ու անոր հետ պատերազմէ՛։ 25Այսօր քու անունիդ վախն ու սոսկումը բոլոր երկնքի տակ եղող ազգերուն վրայ պիտի դնեմ, այնպէս որ քու համբաւդ լսողները քու երեսէդ պիտի դողան ու տագնապին’։
ԻՍՐԱՅԷԼ ՍԵՀՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԿԸ ՅԱՂԹԷ
(Թուոց 21:21-30)
26Այն ատեն Կադեմօթի անապատէն Եսեբոնի Սեհոն թագաւորին խաղաղութեան խօսքերով դեսպաններ ղրկեցի՝ ըսելով. 27‘Անցնիմ քու երկրէդ. մեծ ճամբայէն պիտի երթամ ու աջ կամ ձախ կողմը պիտի չխոտորիմ։ 28Կերակուրը ինծի ստակով ծախէ, որ ուտեմ ու ջուրն ալ ստակով տուր, որ խմեմ. միայն թէ քալելով անցնիմ, 29Ինչպէս Սէիր բնակող Եսաւին որդիներն ու Ար բնակող Մովաբացիները ինծի ըրին, մինչեւ որ ես Յորդանանէն անցնիմ դէպի այն երկիրը, որ մեր Տէր Աստուածը մեզի պիտի տայ’։ 30Բայց Եսեբոնի Սեհոն թագաւորը չուզեց, որ մենք անկէ անցնինք. վասն զի քու Տէր Աստուածդ անոր հոգին խստացուցեր էր ու սիրտը կարծրացուցեր էր, որպէս զի զանիկա քու ձեռքդ տայ, ինչպէս այսօր կը տեսնես։ 31Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Ահա Սեհոնն ու անոր երկիրը քու ձեռքդ տուի, անոր տիրէ՛, որպէս զի անոր երկիրը ժառանգես’։
32Ուստի Սեհոն ինք իր բոլոր ժողովուրդովը Յասսայի մէջ մեր դէմ ելաւ, որպէս զի մեզի հետ պատերազմի։ 33Մեր Տէր Աստուածը զանիկա մեր ձեռքը մատնեց ու մենք զանիկա եւ անոր որդիներն ու անոր բոլոր ժողովուրդը զարկինք։ 34Նոյն ատեն անոր բոլոր քաղաքները առինք ու անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ եղած այր մարդիկը, կիներն ու տղաքները կորսնցուցինք։ Անոնցմէ մէ՛կ հոգի ողջ չթողուցինք։ 35Միայն անասուններն ու առնուած քաղաքներուն աւարները մեզի առինք։ 36Առնոն ձորին եզերքը եղած Արոէրէն ու ձորին մէջ եղած քաղաքէն մինչեւ Գաղաադ բնաւ մեզի դէմ դնող քաղաք մը չեղաւ։ Մեր Տէր Աստուածը ամէնքն ալ մեր ձեռքը մատնեց։ 37Միայն Ամմոնի որդիներուն երկրին ու բոլոր Յաբոկ ձորին կողմերուն եւ լեռնային քաղաքներուն ու մեր Տէր Աստուծոյն բոլոր մեզի արգիլած տեղերուն չմօտեցար»։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 2: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in