YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 13

13
ՊԱՏԻԺ՝ ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅՈՐԴՈՐՈՂՆԵՐՈՒՆ
1«Եթէ ձեր մէջէն մարգարէ մը կամ երազատես մը ելլէ ու ձեզի նշան մը կամ հրաշք մը ընէ 2Եւ ձեզի ըրած նշանը կամ հրաշքը կատարուի ու ձեզի ըսէ թէ երթանք օտար աստուածներ պաշտենք, որոնք դուք չէք ճանչցած, 3Այն մարգարէին կամ երազատեսին խօսքին մտիկ մի՛ ընէք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ձեզ կը փորձէ, որպէս զի հասկնայ թէ արդեօք դուք ձեր Տէր Աստուածը ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը կը սիրէ՞ք։ 4Ձեր Տէր Աստուծոյն հետեւեցէք ու անկէ վախցէք, անոր պատուիրանքները պահեցէք ու անոր խօսքին հնազանդեցէք, զանիկա պաշտեցէք ու անոր յարեցէք։ 5Այն մարգարէն կամ երազատեսը պէտք է մեռցուի, վասն զի ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանող ու ձեզ ծառայութեան տունէն ազատող ձեր Տէր Աստուծոյն դէմ ապստամբութիւն հանելու աշխատեցաւ, որպէս զի ձեզ խոտորեցնէ այն ճամբայէն, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պատուիրեց, որ անոր մէջէն քալէք. այս տեսակ չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք։
6«Եթէ քու մօրդ տղան՝ քու եղբայրդ, կամ քու տղադ, կամ՝ աղջիկդ, կամ ծոցիդ կինը եւ կամ քու բարեկամդ, որ քու անձիդ պէս կը սիրես, քեզ մոլորեցնել ուզելով ծածկաբար ըսէ՝ ‘Երթանք եւ օտար աստուածներ պաշտենք’, որոնք ո՛չ դուն ճանչցար, ոչ ալ քու հայրերդ 7Ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն աստուածներէն, ձեզի մօտ ըլլան կամ ձեզմէ հեռու, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը, 8Անոր հաւանութիւն մի՛ տար, ոչ ալ անոր մտիկ ըրէ։ Քու աչքդ անոր թող չխնայէ, ո՛չ ալ անոր վրայ գութ ունենալով պահես զանիկա, 9Այլ անշուշտ պէտք է մեռցնես ու զանիկա մեռցնելու համար նախ քու ձեռքդ անոր վրայ ըլլայ ու ետքը բոլոր ժողովուրդին ձեռքը. 10Քարերով քարկոծես զանիկա, որպէս զի մեռնի. քանզի ուզեց քեզ ապստամբեցնել քու Տէր Աստուծոյդ դէմ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն, ծառայութեան տունէն, հանեց։ 11Որպէս զի բոլոր Իսրայէլ լսելով վախնայ ու անգամ մըն ալ ձեր մէջ ասոր պէս չարութիւն մը չընեն։
12«Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ՝ բնակութեան համար քեզի տուած քաղաքներէն մէկուն վրայով լսես, որ կ’ըսէր թէ 13Ձեր մէջէն քանի մը #13:13 Եբր., Բելիարի որդիներչար մարդիկ՝ ՝ ելան ու իրենց քաղաքին բնակիչները ապստամբեցուցին, ըսելով. ‘Երթանք ձեր չճանչցած օտար աստուածները պաշտենք’, 14Այն ատեն աղէկ մը քննէ՛ ու հարցուփորձէ՛ ու երբ տեսնես որ ըսուած բանը ճշմարիտ ու ստոյգ է եւ այն գարշելի բանը ձեր մէջ եղած է, 15Այն քաղաքին բնակիչները անպատճառ սուրի բերնէ պէտք է անցընես, թէ՛ զայն եւ թէ՛ անոր մէջ եղած բոլոր բաները նզովելով. անասուններն ալ սուրի բերնէ պէտք է անցընես։ 16Անոր բոլոր աւարը անոր հրապարակին մէջ հաւաքէ ու այն քաղաքը եւ անոր բոլոր աւարը քու Տէր Աստուծոյդ համար ամբողջութեամբ կրակով այրէ՛, որ անիկա յաւիտեան աւերակ մնայ ու անգամ մըն ալ չշինուի։ 17Այն նզովուածէն ձեռքիդ մէջ բան մը թող չփակչի։ Որպէս զի Տէրը իր սաստիկ բարկութենէն դառնայ, քեզի ողորմութիւն ու գթութիւն ընէ եւ քեզ շատցնէ, ինչպէս քու հայրերուդ երդում ըրաւ։ 18Դուն քու Տէր Աստուծոյդ ձայնին հնազանդելով անոր բոլոր պատուիրանքները պահէ՛, որոնք ես այսօր քեզի կը յայտնեմ ու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ուղիղ եղածը ըրէ՛։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 13: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in