YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 12

12
ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ՏԵՂԸ
1«Ասոնք են այն կանոններն ու օրէնքները, որոնք դուք պահելու եւ ընելու էք այն երկրին մէջ որ ձեր հայրերուն Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ իբր ժառանգութիւն, որչափ ժամանակ որ երկրի վրայ ապրիք։ 2Այն բոլոր տեղերը, ուր պարտուած ազգերը՝ բարձր լեռներու վրայ, բլուրներու վրայ ու ամէն տերեւալից ծառերու տակ՝ իրենց աստուածները պաշտեր են, բոլորովին պէտք է կործանէք, 3Նաեւ անոնց սեղանները փլցնէք եւ անոնց արձանները կոտրտէք, անոնց Աստարովթները կրակով այրէք ու անոնց աստուածներուն կուռքերը կտոր կտոր ընէք եւ անոնց անունները այն տեղէն ոչնչացնէք։
4«Իսկ ձեր Տէր Աստուծոյն այսպէս մի՛ ընէք։ 5Բայց դուք պիտի փնտռէք այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը բոլոր ցեղերուն մէջէն պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեան համար։ Հոն պիտի երթաք, 6Ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, #12:6 Եբր., ձեռքերնուդձեր բարձրացնելու ընծաները, ձեր ուխտերը, ձեր կամաւոր ընծաներն ու ձեր արջառներուն ու ոչխարներուն անդրանիկները հոն պիտի տանիք 7Եւ հոն ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ պիտի ուտէք եւ ձեր Տէր Աստուածը ձեզ օրհնելուն համար՝ ձեր ամէն ձեռք զարկած բաներուն մէջ պիտի ուրախանաք, թէ՛ դուք եւ թէ՛ ձեր ընտանիքը։
8«Մի՛ ընէք այն ամենուն համեմատ, որ մենք այսօր այստեղ կ’ընենք, այսինքն ամէն մարդ իր աչքերուն հաճոյ եղածին պէս 9Քանզի մինչեւ հիմա չհասաք այն հանգստութեանն ու ժառանգութեանը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ։ 10Բայց դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք ու պիտի բնակիք այն երկրին մէջ, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի ժառանգութիւն պիտի տայ ու ձեր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն ձեզ պիտի հանգստացնէ ու ապահովութեամբ պիտի բնակիք։ 11Այն տեղը, որ ձեր Տէր Աստուածը պիտի ընտրէ իր անուանը բնակութեանը համար, բոլոր ձեզի պատուիրածներս պիտի տանիք՝ ձեր ողջակէզները, ձեր զոհերը, ձեր տասանորդները, ձեր բարձրացնելու ընծաներն ու ձեր բոլոր ուխտերուն ընտիր ընծաները, որոնք Տէրոջը պիտի նուիրէք 12Եւ ձեր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուրախութիւն պիտի ընէք, թէ՛ դուք, թէ՛ ձեր տղաքներն ու աղջիկները, ձեր ծառաներն ու աղախինները եւ թէ՛ ձեր դռները եղող Ղեւտացին, վասն զի անիկա ձեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։
13«Ուշադիր եղիր, չըլլայ թէ ամէն տեսած տեղդ քու ողջակէզներդ մատուցանես. 14Այլ քու ողջակէզներդ ա՛յն տեղը պիտի մատուցանես, որ Տէրը քու ցեղերէդ մէկուն մէջ պիտի ընտրէ։ Հոն իմ բոլոր պատուիրած բաներս պիտի կատարես։ 15Սակայն բոլոր #12:15 Եբր., դռներուդքաղաքներուդ մէջ սրտիդ ուզածին պէս անասուններ կրնաս մորթել ու միսը ուտել, որչափ որ քու Տէր Աստուածդ քեզի օրհնութիւն տուեր է ու զանիկա անմաքուր ու մաքուր մարդը այծեամի ու եղջերուի պէս կրնան ուտել։ 16Բայց արիւնը մի՛ ուտէք. զանիկա ջուրի պէս գետինը թափեցէք։
17«Ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդները, արջառներուդ ու հօտերուդ անդրանիկները, բոլոր ուխտի նուէրներդ եւ կամաւոր ու բարձրացնելու ընծաներդ քու դռներուդ մէջ մի՛ ուտեր. 18Այլ զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը կեր, թէ՛ դուն, թէ՛ քու տղադ ու աղջիկդ, թէ՛ ծառադ ու աղախինդ եւ թէ՛ քու դռներդ եղող Ղեւտացին եւ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ քու բոլոր ձեռնարկներուդ վրայ պիտի ուրախանաս։ 19Զգոյշ կեցիր, չըլլայ թէ Ղեւտացին անտես ընես, քանի որ ողջ ես քու երկրիդ վրայ։
20«Երբ քու Տէր Աստուածդ քեզի ըսածին պէս քու սահմանդ ընդարձակէ ու սիրտդ միս ուտել ուզէ՝ ‘Միս ուտեմ’ ըսես, սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս կեր։ 21Եթէ քեզմէ հեռու ըլլայ այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզի պատուիրածիս պէս քու արջառներէդ ու ոչխարներէդ մորթէ՛, որոնք Տէրը քեզի պիտի տայ ու քու սրտիդ բոլոր ցանկութեանը պէս քու քաղաքներուդ մէջ կեր։ 22Այծեամն ու եղջերուն ի՛նչպէս կ’ուտուի, զանոնք ալ այնպէս կեր։ Անմաքուր ու մաքուր մարդը անխտիր թող ուտեն։ 23Բայց զգուշացիր, որ արիւնը չուտես. վասն զի արիւնը ոգին է ու ոգին միսին հետ մի՛ ուտեր։ 24Զանիկա մի՛ ուտեր, այլ ջուրի պէս գետինը թափէ։ 25Զանիկա մի՛ ուտեր, որպէս զի քեզի ու քեզմէ ետքը քու որդիներուդ աղէկ ըլլայ՝ Տէրոջը առջեւ ուղիղ սեպուածը ընելովդ։ 26Բայց քու նուէրներդ եւ ուխտերդ ա՛ռ ու Տէրոջը ընտրած տեղը գնա՛։ 27Քու ողջակէզներուդ միսն ու արիւնը, քու զոհերուդ արիւնը քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին վրայ թափէ՛, բայց միսը կե՛ր։
28«Ուշադրութեամբ հնազանդիր այս բոլոր խօսքերուն, որոնք քեզի պատուիրեցի, որպէս զի քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ աղէկ ու հաճոյ եղածը ընելովդ՝ քեզի ու քեզմէ յետոյ քու որդիներուդ յաւիտեան աղէկ ըլլայ։
ԿՌԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ
29«Երբ քու Տէր Աստուածդ քու առջեւէդ ջարդէ այն ազգերը, որոնց երկիրը դուն պիտի ժառանգես ու երբ զանոնք ժառանգես ու անոնց երկրին մէջ բնակիս, 30Զգոյշ կեցի՛ր, չըլլա՛յ որ անոնց քու առջեւէդ բնաջինջ ըլլալէն ետքը անոնց հետեւելով՝ որոգայթի մէջ իյնաս եւ չըլլա՛յ որ անոնց աստուածներուն վրայով հարցուփորձես՝ ըսելով. ‘Այս ազգերը ի՞նչպէս իրենց աստուածները կը պաշտէին. ես ալ այնպէ՛ս ընեմ’։ 31Դուն քու Տէր Աստուծոյդ այնպէս մի՛ ըներ, քանզի անոնք Տէրոջը ատելի եղած բոլոր գարշելի բաները իրենց աստուածներուն կ’ընէին. որովհետեւ անոնք իրենց աստուածներուն պատիւ ընելու համար մինչեւ անգամ իրենց տղաքներն ու աղջիկները կրակով կ’այրէին։ 32Ես քեզի ինչ որ կը պատուիրեմ, ուշադրութեամբ կատարէ. անոր վրայ բան մը մի՛ աւելցներ ու անկէ բան մը մի՛ պակսեցներ»։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 12: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in