YouVersion Logo
Search Icon

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 14

14
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍՈՒԳԻ ՑՈՅՑԷ
1«Դուք ձեր Տէր Աստուծոյն որդիներն էք, մեռելի համար ձեր մարմնին վրայ կտրածներ պէտք չէ ընէք ու ձեր ճակատին մէջտեղի մազերը պէտք չէ փետտէք. 2Քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։ Տէրը երկրի բոլոր ժողովուրդներուն մէջէն քեզ ընտրեց, որպէս զի իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս։
ՄԱՔՈՒՐ ՈՒ ԱՆՄԱՔՈՒՐ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ
(Ղեւտ. 11:1-47)
3«Բնաւ պիղծ բան մի՛ ուտեր։ 4Ասոնք են ձեր ուտելու անասունները՝ արջառը, ոչխարն ու այծը, 5Եղջերուն, այծեամը, վիթը, #14:5 Այծեամի տեսակխարբուզը, այծքաղը, յամոյրն ու #14:5 Ընձուղտանալութը։ 6Մնացեալ կենդանիներէն բոլոր կճղակաբաշխ (այսինքն կճղակը երկուքի բաժնուած) ու որոճացող անասունները կրնաք ուտել. 7Բայց որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխ եղողներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք՝ ուղտը, նապաստակն ու ճագարը. քանզի ասոնք թէպէտեւ կ’որոճան, բայց կճղակաբաշխ չեն։ Անոնք անմաքուր են։ 8Եւ խոզը, որ թէեւ կճղակաբաշխ է, բայց չորոճար, անիկա անմաքուր է։ Ասոնց միսը մի՛ ուտէք ու ասոնց դիակներուն մի՛ դպչիք։
9«Ջուրերուն մէջ բոլոր եղածներէն հետեւեալները կերէ՛ք՝ ամէն թեւ ու թեփ ունեցողը, 10Բայց ոեւէ թեւ ու թեփ չունեցող մի՛ ուտէք։ Անոնք անմաքուր են։
11«Ամէն մաքուր թռչուն կերէք։ 12Բայց մի՛ ուտէք հետեւեալ թռչունները՝ արծիւը եւ #14:12 Վայրի թռչուն մը, կարճպասկուճն ու գետարծիւը, 13Ցինն ու անգղը եւ ուրուրը իր տեսակներով 14Ու ագռաւը իր տեսակներով 15Եւ ջայլամն ու բուն եւ կկուն ու բազէն իր տեսակներով 16Եւ հաւպատիրն ու քաջահաւը եւ կարապը 17Եւ հաւալուսն ու սեւ անգղը եւ հողամաղը 18Եւ արագիլն ու քարադրը իր տեսակներով եւ յոպոպն ու չիղջը։ 19Բոլոր թռչող զեռունները անմաքուր են. անոնք պէտք չէ ուտուին։ 20Ամէն մաքուր թռչուն կերէ՛ք։
21«Ինքնիրմէ մեռածը բնաւ մի՛ ուտէք։ Զանիկա քու դռներդ եղող պանդուխտին տուր որպէս զի ուտէ, կամ օտարազգիի մը ծախէ. քանզի դուն քու Տէր Աստուծոյդ սուրբ ժողովուրդն ես։
«Ուլը իր մօրը կաթին մէջ մի՛ եփեր։
ՏԱՍԱՆՈՐԴԻՆ ՕՐԷՆՔԸ
22«Ամէն տարի քու ցանած սերմիդ արդիւնքէն, արտէն ելած ամէն արմտիքներէն, անպատճառ տասանորդ պէտք է տաս։ 23Քու ցորենիդ, գինիիդ ու իւղիդ տասանորդը ու արջառներուդ եւ ոչխարներուդ անդրանիկները քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր, այն տեղը, որ ինք իր անուանը բնակութեանը համար պիտի ընտրէ, որպէս զի միշտ քու Տէր Աստուծմէդ վախնալ սորվիս։ 24Եթէ քու Տէր Աստուծոյդ քեզ օրհնելուն համար ճամբան քեզի հեռու ըլլայ եւ այն տեղը՝ որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար, քեզմէ հեռու ըլլալով չկրնաս տասանորդը հոն տանիլ, 25Այն ատեն զանոնք ծախէ ու ստակը ծրարելով ձեռքդ ա՛ռ եւ քու Տէր Աստուծոյդ ընտրած տեղը գնա։ 26Այն ստակը սրտիդ բոլոր ցանկացած բաներուն, արջառներու կամ ոչխարներու, գինիի կամ օղիի ու սրտիդ ուզածներուն փոխարէն տուր։ Հոն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կե՛ր եւ ուրախացի՛ր դուն եւ քու ընտանիքդ։ 27Քու դռներդ եղող Ղեւտացին ալ զանց մի՛ ըներ, քանզի անիկա քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի։
28«Ամէն երրորդ տարուան վերջաւորութեան նոյն տարուան արմտիքներուն բոլոր տասանորդը հանէ՛ եւ զանիկա քու քաղաքներուդ մէջ պահէ՛. 29Որպէս զի երբ Ղեւտացին (որ քեզի հետ բաժին ու ժառանգութիւն չունի) եւ դռներդ եղող օտարականը, որբն ու որբեւարին գան՝ ուտեն, կշտանան, որպէս զի քու Տէր Աստուածդ քեզ եւ քու ձեռքերուդ կատարած բոլոր գործերը օրհնէ։

Currently Selected:

Բ. ՕՐԻՆԱՑ 14: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in