Բ. ՕՐԻՆԱՑ 11
11
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆԸ
1«Ուրեմն դուն քու Տէր Աստուածդ պէտք է սիրես ու միշտ անոր հրամանները՝ կանոնները, օրէնքներն ու պատուիրանքները՝ պահես։ 2Այսօր գիտցէ՛ք, թէ ձեր որդիներուն չէ իմ խօսքս, որովհետեւ անոնք չգիտցան ու չտեսան ձեր Տէր Աստուծոյն խրատը, անոր մեծութիւնը, զօրաւոր ձեռքը ու բարձր բազուկը, 3Եգիպտոսի մէջ Եգիպտացիներու Փարաւոն թագաւորին ու անոր բոլոր երկրին վրայ ըրած նշաններն ու գործերը, 4Ինչ որ ըրաւ Եգիպտացիներու զօրքերուն, ձիերուն ու կառքերուն, երբ անոնք ձեր ետեւէն ինկան, ի՛նչպէս Տէրը Կարմիր ծովուն ջուրերը անոնց վրայ #11:4 Եբր., յորդել տուաւդարձուց ու զանոնք կորսնցուց 5Եւ ինչ որ ըրաւ ձեզի անապատին մէջ, մինչեւ ձեր հոս գալը, 6Ինչ որ Ռուբէնեան Եղիաբին որդիներուն, Դաթանին ու Աբիրոնին ըրաւ. ի՛նչպէս երկիրը իր բերանը բացաւ ու զանոնք իրենց ընտանիքներովը, իրենց վրաններովն ու իրենց ամէն ստացուածքովը Իսրայէլի մէջէն կլլեց։ 7Սակայն Տէրոջը ըրած բոլոր մեծ գործերը ձեր աչքերը տեսան։
ԽՈՍՏԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿՐԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
8«Ուրեմն ձեզի պահեցէք այն ամէն պատուիրանքները, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ, որպէս զի զօրանաք ու մտնէք այն երկիրը, ուր կ’երթաք զանիկա ժառանգելու։ 9Ձեր օրերը երկար ըլլան այն երկրին վրայ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ՝ իրենց եւ իրենց սերունդին տալու, այնպիսի երկիր մը, ուր կաթ ու մեղր կը բղխի։
10«Քանզի այն երկիրը, ուր դուք պիտի մտնէք զանիկա ժառանգելու համար, Եգիպտոսի երկրին պէս չէ, ուրկէ ելաք. ուր երբ սերմ կը ցանէիք, բանջարի պարտէզի պէս ոտքերով անոր ջուր կու տայիք։ 11Այլ ձեր մտնելու ու ժառանգելու երկիրը լեռներու ու հովիտներու երկիր մըն է. երկնքի անձրեւին ջրովը կը ջրուի. 12Այնպիսի երկիր մըն է, որ քու Տէր Աստուածդ կը խնամէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ աչքը տարուան սկիզբէն մինչեւ վերջը անոր վրայ է։ 13Ուստի եթէ ուշադրութեամբ մտիկ ընէք իմ պատուիրանքներս, որոնք այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր Տէր Աստուածը սիրէք եւ զանիկա ձեր բոլոր սրտովը ու բոլոր հոգիովը պաշտէք, 14Այն ատեն ձեր երկրին անձրեւը, առաջին ու վերջին անձրեւը, իրենց ատենին պիտի տամ եւ քու ցորենդ, քու գինիդ ու քու իւղդ պիտի հաւաքես։ 15Նաեւ քու արտիդ մէջ խոտ պիտի տամ անասուններուդ համար, որպէս զի ուտեն ու կշտանան։ 16Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէք, չըլլայ թէ ձեր սիրտը խաբուի ու դուք շիտակ ճամբայէն խոտորելով օտար աստուածներ պաշտէք ու անոնց երկրպագութիւն ընէք։ 17Տէրը ձեզի դէմ սաստիկ բարկանալով երկինքը կը գոցէ, որպէս զի անձրեւ չգայ ու երկիր իր պտուղը չտայ եւ Տէրոջը ձեզի տուած բարի երկրէն շուտով կորսուիք։
18«Այս իմ խօսքերս ձեր սրտին ու հոգիին մէջ պահեցէք ու զանոնք նշանի համար ձեր ձեռքերուն վրայ կապեցէք ու ճակատնոցի համար ձեր աչքերուն մէջտեղ թող ըլլան 19Եւ զանոնք ձեր տղոցը սորվեցուցէք ու տունը նստած ատենդ, ճամբան քալած ատենդ եւ պառկելու ու ելլելու ատենդ զանոնք պատմէ։ 20Զանոնք քու տանդ դրանդիքներուն վրայ ու դռներուդ վրայ գրէ՛. 21Որպէս զի այն երկրին մէջ, որ Տէրը ձեր հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու, ձեր օրերն ու ձեր որդիներուն օրերը շատնան իբրեւ երկնքի օրեր՝ երկրի վրայ։
22«Քանզի եթէ այս իմ ձեզի պատուիրած բոլոր պատուիրանքներս զգուշութեամբ պահէք ու կատարէք եւ ձեր Տէր Աստուածը սիրէք ու անոր բոլոր ճամբաներուն մէջ քալէք եւ անոր յարիք, 23Տէրն ալ բոլոր ազգերը ձեր առջեւէն պիտի վռնտէ եւ դուք մեծ ու զօրաւոր ազգերու վրայ պիտի տիրէք։ 24Ձեր ոտքին ամէն կոխած տեղը ձերը պիտի ըլլայ. ձեր սահմանը անապատէն ու Լիբանանէն, գետէն՝ այսինքն Եփրատ գետէն՝ մինչեւ #11:24 Եբր., ետեւիարեւմտեան ծովը պիտի ըլլայ։ 25Բնաւ մէկը պիտի չկարենայ ձեզի դէմ դնել. ձեր Տէր Աստուածը ձեր ամէն կոխած երկրի վրայ ձեզմէ վախ մը ու սոսկում մը պիտի բերէ, ինչպէս ձեզի ըսաւ։
ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԱՆԷԾՔՆԵՐԸ
26«Ահա ես այսօր ձեր առջեւ օրհնութիւն ու անէծք կը դնեմ. 27Օրհնութիւնը՝ եթէ հնազանդութիւն ընէք ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն, որոնք ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ 28Եւ անէծքը՝ եթէ ձեր Տէր Աստուծոյն պատուիրանքներուն չհնազանդիք ու խոտորիք այն ճամբայէն, որ ես այսօր ձեզի կը պատուիրեմ ու ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթաք։ 29Ուստի երբ քու Տէր Աստուածդ քեզ տանի այն երկիրը, ուր պիտի մտնես ու ժառանգես, օրհնութիւնը Գարիզին լերանը վրայ ու անէծքը Գեբաղ լերանը վրայ պիտի դնես։ 30#11:30 Եբր., Չէ՞ որԱհա ասոնք Յորդանանի անդիի կողմը արեւմտեան ճամբուն վրայ, Մօրէի կաղնիներուն մօտ, Գաղգաղայի դիմացի հովտին մէջ բնակող Քանանացիներուն երկրին մէջ են։ 31Որովհետեւ դուք Յորդանանէն պիտի անցնիք, որպէս զի մտնէք ու ժառանգէք այն երկիրը, որ ձեր Տէր Աստուածը ձեզի պիտի տայ ու զանիկա պիտի ժառանգէք եւ անոր մէջ պիտի բնակիք։ 32Ուրեմն զգուշութեամբ գործադրեցէք այն բոլոր կանոններն ու օրէնքները, որոնք ես այսօր ձեր առջեւ կը դնեմ»։
Currently Selected:
Բ. ՕՐԻՆԱՑ 11: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.