YouVersion Logo
Search Icon

ԴԱՆԻԷԼ 4

4
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԱԶԸ
1Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը՝ բոլոր երկրին վրայ բնակող բոլոր ժողովուրդներուն, ազգերուն ու լեզուներուն՝ «Ձեր խաղաղութիւնը շատնայ։ 2Ինծի հաճոյ երեւցաւ, որ Բարձրեալ Աստուծոյն ինծի ըրած նշաններն ու հրաշքները ձեզի յայտնեմ։ 3Անոր նշանները որքա՜ն մեծ ու հրաշքները որքա՜ն զօրաւոր են. անոր թագաւորութիւնը յաւիտենական թագաւորութիւն է ու անոր իշխանութիւնը դարէ դար կը մնայ»։
4«Ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ երբ իմ տանս մէջ հանգիստ էի ու պալատիս մէջ կը զուարճանայի, 5Երազ մը տեսայ, որ զիս վախցուց եւ անկողնիս վրայ իմ խորհուրդներս ու իմ գլխուս տեսիլքները զիս խռովեցին։ 6Ուստի Բաբելոնի բոլոր իմաստունները իմ առջեւս բերելու հրաման ըրի, որպէս զի անոնք ինծի երազին մեկնութիւնը գիտցնեն։ 7Այն ատեն մոգերը, հմայողները, Քաղդեաններն ու բաղդ նայողները եկան ու ես երազը անոնց առաջեւ ըսի, բայց անոնք չկրցան մեկնութիւնը ինծի գիտցնել։ 8Վերջապէս Դանիէլը առջեւս եկաւ, որուն անունը իմ աստուծոյս անուանը համեմատ Բաղտասասար կը կոչուի եւ որուն ներսիդին սուրբ աստուածներուն հոգին կայ։ Անոր առջեւ երազը պատմեցի ու ըսի. 9‘Ո՛վ մոգերուն իշխանը Բաղտասասար, որովհետեւ գիտեմ որ քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներու հոգին կայ ու ոեւէ գաղտնիքը լուծելը քեզի դժուար չէ։ Երազս պատմեմ, լսէ՛ եւ զայն մեկնէ՛։
10«Իմ անկողնիս մէջ գլխուս տեսիլքները ասոնք էին։ Ես կը տեսնէի, որ երկրի մէջ ծառ մը կար։ Ան շատ բարձր էր։ 11Այն ծառը մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի ծայրերէն կը տեսնուէր։ 12Անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր։ Անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար։ Դաշտի անասունները անոր շուքին տակ կը նստէին ու երկնքի թռչունները անոր ոստերուն վրայ կը բնակէին։ Ամէն մարմին անկէ կը կերակրուէր։ 13Երազիս մէջ տեսայ, որ երկնքէն #4:13 Քաղդ., պահապան ու սուրբ մըսուրբ պահապան մը՝ ՝ իջաւ։ 14Անիկա ուժով կանչեց ու այսպէս ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք, ոստերը մէկդի հանեցէ՛ք. տերեւները թօթափեցէ՛ք ու պտուղները ցրուեցէ՛ք։ Անոր տակէն անասունները ու ոստերէն թռչունները թող փախչին. 15Բայց արմատները երկրին մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ եւ պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թող թրջուի եւ անոր բաժինը անասուններու հետ երկրի խոտին մէջ թող ըլլայ։ 16Անոր միտքը մարդու մտքէն թող փոխուի ու անոր անասունի միտք թող տրուի։ Անոր վրայէն եօթը ժամանակ թող անցնի։ 17Այս վճիռը՝ պահապաններուն հրամանովն է ու այս որոշումը՝ սուրբերուն խօսքովն է. որպէս զի ապրողները գիտնան թէ Բարձրեալը կը տիրէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ ու անոր վրայ մարդոց անարգը կը դնէ»։ 18«Ես՝ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորս՝ այս երազը տեսայ ու դո՛ւն, ո՛վ Բաղտասասար, անոր մեկնութիւնը ըսէ՛, վասն զի իմ թագաւորութեանս բոլոր իմաստունները կարող չեղան անոր մեկնութիւնը ինծի գիտցնել. բայց դուն կարող ես, քանզի քու ներսիդիդ սուրբ աստուածներուն հոգին կայ»։
ԴԱՆԻԷԼ ԵՐԱԶԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ
19Այն ատեն Դանիէլ, որուն անունը Բաղտասասար էր, #4:19 Կամ, ժամանակ մըմէկ ժամու չափ՝ ՝ ահաբեկած մնաց ու անոր խորհուրդները զանիկա խռովեցուցին։ Թագաւորը ըսաւ. «Ո՛վ Բաղտասասար, երազը կամ անոր մեկնութիւնը թող քեզ չխռովեցնէ»։ Պատասխան տուաւ Բաղտասասարն ու ըսաւ. «Ո՛վ տէր իմ, երազը՝ քեզ ատողներուն ու անոր մեկնութիւնը քու թշնամիներուդ ըլլայ։ 20Այն ծառը, որ մեծցաւ եւ ուժովցաւ ու անոր բարձրութիւնը մինչեւ երկինք հասաւ ու անիկա բոլոր երկրի մէջ կը տեսնուէր 21Եւ անոր տերեւները գեղեցիկ ու պտուղը առատ էր ու անոր վրայ ամենուն համար կերակուր կար, անոր տակ դաշտի անասունները կը բնակէին ու անոր ոստերուն վրայ երկնքի թռչունները կը կենային, 22Անիկա դո՛ւն ես, ո՛վ թագաւոր, որ մեծցար եւ ուժովցար եւ քու մեծութիւնդ բարձրացաւ ու մինչեւ երկինք հասաւ եւ քու իշխանութիւնդ մինչեւ երկրի ծայրերը հասաւ։ 23Թագաւորը սուրբ պահապան մը տեսաւ, որ երկնքէն իջաւ ու ըսաւ. ‘Ծառը կտրեցէ՛ք ու զանիկա տապալեցէ՛ք, բայց անոր արմատներն ու կոճղը երկրի մէջ թողուցէ՛ք ու երկաթէ ու պղնձէ կապանքով դաշտի խոտերուն մէջ թող մնայ ու երկնքի ցօղովը թրջուի եւ անոր բաժինը դաշտի անասուններուն հետ թող ըլլայ, մինչեւ անոր վրայէն եօթը ժամանակ անցնի’. 24Այս է մեկնութիւնը, ո՛վ թագաւոր, այս է Բարձրեալին վճիռը, որ իմ թագաւոր տիրոջս վրայ հասած է։ 25Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ ու քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու երկնքի ցօղովը թրջուիս եւ քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ։ 26Բայց երբ ըսուեցաւ թէ ‘Այն ծառին արմատները թող մնան’, կը նշանակէ թէ երկնաւոր իշխանութիւնը ճանչնալէդ ետքը՝ քու թագաւորութիւնդ պիտի վերահաստատուի։ 27Անոր համար, ո՛վ թագաւոր, թող իմ թելադրութիւնս քեզի հաճելի երեւնայ, քու մեղքերդ արդարութեամբ ու քու անօրէնութիւններդ աղքատներուն ողորմելով #4:27 Կամ, քաւէմէկդի ձգէ՝ ՝. թերեւս հանգստութիւնդ երկարի»։
28Այս բոլորը Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին պատահեցաւ։ 29Տասներկու ամիսէն, երբ Բաբելոնի թագաւորութեան պալատին վրայ կը ճեմէր, 30Թագաւորը խօսեցաւ ու ըսաւ. «Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի»։ 31Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր, երկնքէն ձայն մը իջաւ. «Քեզի՛ կ’ըսուի, ո՛վ Նաբուգոդոնոսոր թագաւոր, թագաւորութիւնը քեզմէ գնաց։ 32Քեզ մարդոց մէջէն պիտի վռնտեն եւ քու բնակութիւնդ դաշտի անասուններուն հետ պիտի ըլլայ, քեզ պիտի թողուն, որ արջառներու պէս խոտ ուտես ու քու վրայէդ եօթը ժամանակ պիտի անցնի, մինչեւ գիտնաս թէ մարդոց թագաւորութեանը վրայ Բարձրեալը կը տիրէ ու զանիկա իր ուզածին կու տայ»։ 33Նոյն ժամուն ըսուածը կատարուեցաւ ու Նաբուգոդոնոսոր մարդոց մէջէն վռնտուեցաւ ու արջառներու պէս խոտ կ’ուտէր եւ անոր մարմինը երկնքի ցօղովը կը թրջուէր, մինչեւ որ մազերը արծիւներու փետուրներու պէս ու եղունգները թռչուններու մագիլներու պէս երկնցան։
ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ ՏԷՐԸ ԿԸ ՓԱՌԱԲԱՆԷ
34«Այդ օրերը լրանալէ վերջը, ես՝ Նաբուգոդոնոսորս՝ աչքերս երկինք վերցուցի ու խելքս ինծի դարձաւ եւ Բարձրեալը օրհնեցի ու գովեցի ու փառաւորեցի զանիկա, որ յաւիտեան կենդանի է ու անոր իշխանութիւնը յաւիտենական իշխանութիւն է եւ անոր թագաւորութիւնը դարէ դար կը մնայ։ 35Երկրի բոլոր բնակիչները ոչինչի պէս կը սեպուին եւ անիկա երկնքի զօրքերուն մէջ ու երկրի բնակիչներուն մէջ իր ուզածը կ’ընէ ու անոր ձեռքին դէմ դնող, կամ անոր ‘Ի՞նչ կ’ընես’ ըսող չկայ։ 36Այն ատեն խելքս ինծի դարձաւ ու իմ թագաւորութեանս պատիւին հետ իմ փառքս ու վայելչութիւնս ինծի դարձան եւ իմ խորհրդականներս ու մեծամեծներս զիս փնտռեցին ու իմ թագաւորութեանս մէջ հաստատուեցայ եւ ինծի աւելի մեծ վեհափառութիւն տրուեցաւ»։
37«Հիմա ես՝ Նաբուգոդոնոսորս երկնքի Թագաւորը կը գովեմ եւ կը բարձրացնեմ ու կը փառաւորեմ, վասն զի անոր բոլոր գործերը ճշմարիտ են ու ճամբաները արդար են ու անիկա կարող է ամբարտաւանութեամբ քալողները ցածցնել»։

Currently Selected:

ԴԱՆԻԷԼ 4: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in