ԱՄՈՎՍԱՅ 7
7
ՄԱՐԱԽՆԵՐՈՒ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
1Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց.
Ահա ան վերջին խոտին բուսնելուն սկիզբը մարախներ ստեղծեց։
Ահա վերջին խոտը թագաւորին հունձքէն ետքն էր։
2Երբ անոնք երկրին խոտը ամբողջութեամբ կերան,
Ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, ներէ՛.
Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։
3Տէրը ասոր համար զղջաց։
«Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէրը։
ԿՐԱԿԻ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
4Տէր Եհովան ինծի ասիկա ցուցուց։
Ահա Տէր Եհովան կրակը կը կանչէր, որպէս զի անով դատաստան ընէ։
Անիկա մեծ անդունդը կերաւ,
Արտերը սպառեց։
5Ու ես ըսի. «Ո՛վ Տէր Եհովա, կ’աղաչեմ, դադարէ՛.
Յակոբը ի՞նչպէս պիտի կանգնի, քանզի քիչուոր է»։
6Տէրը ասոր համար զղջաց։
«Ասիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Տէր Եհովան։
ԿԱՊԱՐԱԼԱՐԻ ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ
7Եւ ինծի ցուցուց։
Տէրը կապարալարով շինուած պարսպի մը վրայ կայներ էր
Ու ձեռքը կապարալար մը կար։
8Եւ Տէրը ինծի ըսաւ.
«Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։
Ու ես ըսի. «Կապարալար մը»։
Տէրը ըսաւ.
«Ահա ես իմ ժողովուրդիս Իսրայէլի մէջ կապարալար մը կը դնեմ.
Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։
9Իսահակին բարձր տեղերը աւերակ պիտի ըլլան
Ու Իսրայէլին սրբարանները պիտի աւերուին
Ու Յերոբովամին տանը վրայ սուրով պիտի ելլեմ»։
ԱՄՈՎՍ ԵՒ ԱՄԱՍԻԱ
10Բեթէլի քուրմը՝ Ամասիա՝ Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորին լուր ղրկեց՝ ըսելով.
«Իսրայէլի տանը մէջ Ամովս քեզի դէմ դաւաճանութիւն կ’ընէ.
Երկիրը չի կրնար անոր բոլոր խօսքերը տանիլ.
11Քանզի Ամովս այսպէս կ’ըսէ.
«Յերոբովամ սուրով պիտի մեռնի
Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ»։
12Ամասիա ըսաւ Ամովսին.
«Ո՛վ տեսանող, գնա՛, Յուդայի երկիրը փախի՛ր։
Հոն հաց կե՛ր եւ հոն մարգարէութիւն ըրէ՛։
13Անգամ մըն ալ Բեթէլի մէջ մարգարէութիւն մի՛ ըներ,
Քանզի անիկա թագաւորին սրբարանն է
Ու թագաւորութեանը տունն է»։
14Ամովս պատասխան տուաւ ու Ամասիային ըսաւ.
«Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի,
Հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի։
15Տէրը զիս հօտին ետեւէն առաւ
Եւ ինծի ըսաւ.
‘Գնա՛, իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին՝ մարգարէութիւն ըրէ՛’։
16Եւ հիմա Տէրոջը խօսքը լսէ՛.
Դուն կ’ըսես թէ՝ ‘Իսրայէլի համար մարգարէութիւն մի՛ ըներ
Ու Իսահակի տանը դէմ մի՛ խօսիր’։
17Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
‘Քու կինդ քաղաքին մէջ պոռնկութիւն պիտի ընէ,
Քու տղաքներդ ու աղջիկներդ սուրով պիտի իյնան,
Քու երկիրդ լարով պիտի բաժնուի,
Դուն պիղծ երկրի մը մէջ պիտի մեռնիս
Ու Իսրայէլ իր երկրէն անշուշտ գերութեան պիտի երթայ’»։
Currently Selected:
ԱՄՈՎՍԱՅ 7: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.