ԱՄՈՎՍԱՅ 6
6
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄԸ
1«Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներուն
Ու Սամարիայի լերանը վրայ՝ ապահովութեամբ նստողներուն,
Ազգերու գլուխին երեւելիներուն,
Որոնց կը դիմէ Իսրայէլի տունը։
2Քաղանէն անցէ՛ք ու տեսէ՛ք,
Անկէ մեծ Եմաթը գացէ՛ք
Ու Փղշտացիներուն Գէթը իջէք։
Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աղէ՞կ են,
Կամ անոնց սահմանը ձեր սահմանէն մե՞ծ է։
3«Վա՜յ անոնց, որ չար օրը կը հեռացնեն
Ու բռնութեան աթոռը կը մօտեցնեն,
4Փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին,
Իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննան,
Հօտերէն՝ գառնուկները
Ու գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտեն։
5Տաւիղի ձայնով խաղ կը կանչեն,
Դաւիթին պէս իրենց երաժշտական գործիքներ կը հնարեն,
6Գաւաթներով գինի կը խմեն,
Ծանրագին իւղերով կ’օծուին
Եւ Յովսէփին աւերումին վրայ չեն ցաւիր։
7Ուստի գերի քշուողներուն առաջինը պիտի ըլլաք
Եւ ձեր խնճոյքներուն ուրախութեան ձայնը պիտի դադրի»։
8Տէր Եհովան իր անձին վրայ երդում ըրաւ
(Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը)։
«Ես Յակոբին հպարտութենէն կը զզուիմ,
Անոր պալատները կ’ատեմ,
Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թշնամիին պիտի մատնեմ»։
9Եթէ տան մէջ տասը մարդ մնալու ըլլայ,
Անոնք ալ պիտի մեռնին։
10Եւ երբ մէկուն ազգականը, որ զինք կ’ատէ, զինք վերցնէ
Ոսկորները տունէն դուրս հանելու համար
Ու տանը մէջ եղողին հարցնէ՝
‘Ալ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ’
Եւ անիկա ըսէ՝ ‘Ո՛չ’,
Այն ատեն հարցնողը պիտի ըսէ. ‘Լո՛ւռ կեցիր,
Քանզի Տէրոջը անունը պէտք չէ յիշենք’։
11Ահա Տէրը կը հրամայէ
Ու մեծ տունը պիտի կործանի
Ու պզտիկ տունը պիտի ճեղքուի։
12Միթէ ձիերը ապառաժի վրայ կը վազե՞ն,
Կամ ծովը եզներով կը հերկուի՞։
Բայց դուք իրաւունքը՝ դառնութեան
Եւ արդարութեան պտուղը օշինդրի դարձուցիք։
13«Ո՜վ ոչինչ բանով ուրախացողներ,
Որ ըսիք թէ ‘Չէ՞ որ մեր ուժովը մեզի եղջիւրներ առինք’,
14Անոր համար ահա ես, ո՛վ Իսրայէլի տուն,
Ձեր վրայ ազգ մը ոտքի պիտի հանեմ,
Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը,
Որ ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչեւ անապատի ձորը պիտի նեղէ»։
Currently Selected:
ԱՄՈՎՍԱՅ 6: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.