YouVersion Logo
Search Icon

ԱՄՈՎՍԱՅ 8

8
ԿՈՂՈՎԻ ՄԸ ՏԵՍԻԼՔԸ
1Տէր Եհովան ինծի ցուցուց
Կողով մը ամառնային պտուղ
2Ու ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես, ո՛վ Ամովս»։
Ես ըսի. «Կողով մը ամառնային պտուղ»։
Տէրը ինծի ըսաւ.
«Իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլի՝ վախճանը հասած է։
Ա՛լ անոնց անօրէնութիւնը անտես պիտի չընեմ։
3Այն օրը #8:3 Կամ, պալատիտաճարին երգերը ողբեր պիտի ըլլան»։
Տէր Եհովան կ’ըսէ.
«Շատ մեռելներ պիտի ըլլան
Ու զանոնք լռութեամբ ամէն տեղ պիտի նետեն»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ
4«Ասիկա լսեցէ՛ք,
Ո՛վ դուք որ տնանկը՝ կլլել
Ու երկրին աղքատները կորսնցնել կը ցանկաք
5Ու կ’ըսէք. ‘Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի, որ ընդեղէն ծախենք,
Շաբաթը՝ որ ցորենը ծախու հանենք
Ու արդուն պզտկցնենք ու սիկղը մեծցնենք
Եւ նենգութեամբ խարդախ կշիռքներ գործածենք.
6Որպէս զի աղքատները ստակով
Ու տնանկները զոյգ մը կօշիկով ծախու առնենք
Ու ցորենին խոտանը ծախենք’։
7Տէրը Յակոբին մեծավայելչութեանը վրայ երդում ըրաւ՝ ըսելով.
«Անոնց բոլոր գործերը յաւիտեան պիտի չմոռնամ։
8Չէ՞ որ այս բանին համար երկիրը պիտի դողայ,
Անոր մէջ բնակողը սուգ պիտի ընէ,
Բոլոր երկիրը գետի պէս վեր պիտի ելլէ
Ու պիտի քշուի ու պիտի ընկղմի Եգիպտոսի գետին նման»։
9«Այն օրը, կ’ըսէ Տէր Եհովան,
Արեւը կէսօրուան ատենը մարը պիտի մտցեն
Ու ցորեկուան լոյսին ատենը երկիրը պիտի խաւարեցնեմ։
10Ձեր տուները՝ սուգի,
Ձեր բոլոր երգերը ողբի պիտի դարձնեմ.
Ամէն մէջքի վրայ՝ քուրձ,
Ամէն գլխու վրայ կնտութիւն պիտի բերեմ։
Երկրին վրայ սուգ պիտի բերեմ՝ մէկ հատիկ զաւակի համար եղած սուգին պէս,
Անոր վախճանը դառնութեան օրուան պէս պիտի ըլլայ»։
11«Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէր Եհովան,
Երբ երկրի վրայ սով մը պիտի ղրկեմ,
Ո՛չ թէ հացի սով եւ ո՛չ թէ ջուրի ծարաւ,
Այլ Տէրոջը խօսքերը լսելու սովը։
12Մէկ ծովէն միւս ծովը
Եւ հիւսիսէն մինչեւ արեւելք պիտի թափառին,
Տէրոջը խօսքը փնտռելու համար հոս հոն պիտի պտըտին,
Բայց պիտի չգտնեն։
13Այն օրը գեղեցիկ կոյսերը
Ու երիտասարդները ծարաւէն պիտի մարին,
14Որոնք Սամարիայի յանցանքովը երդում կ’ընեն ու կ’ըսեն.
‘Կենդանի է քու Աստուածդ, ո՛վ Դան’
‘Ու կենդանի է Բերսաբէէի ճամբան’.
Անոնք պիտի իյնան ու անգամ մըն ալ պիտի չելլեն»։

Currently Selected:

ԱՄՈՎՍԱՅ 8: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in