YouVersion Logo
Search Icon

ԱՄՈՎՍԱՅ 5

5
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ՄԸ
1Լսեցէ՛ք այս խօսքը, որ ձեր վրայ իբր ողբ ըսի,
Ո՛վ Իսրայէլի տուն։
2«Իսրայէլի կոյսը ինկած է, անգամ մըն ալ պիտի չելլէ։
Իր երկրին վրայ ձգուած է, զանիկա վերցնող չկայ»։
3Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Այն քաղաքին մէջ, ուրկէ հազար կ’ելլէր,
Հարիւր պիտի մնայ.
Ուրկէ հարիւր կ’ելլէր,
Տասը պիտի մնայ Իսրայէլի տանը»։
4Տէրը Իսրայէլի տանը այսպէս կ’ըսէ.
«Զիս փնտռեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք։
5Բայց Բեթէլը մի՛ փնտռէք,
Գաղգաղա մի՛ մտնէք,
Բերսաբէէն մի՛ անցնիք,
Քանզի Գաղգաղա անշուշտ գերութեան պիտի քշուի
Ու Բեթէլ պիտի ոչնչանայ»։
6Տէրը փնտռեցէք, որպէս զի ապրիք։
Չըլլայ թէ Յովսէփի տանը մէջ կրակի պէս բորբոքի
Եւ զանիկա ուտէ ու Բեթէլի մէջ զանիկա մարող չըլլայ։
7Դուք որ իրաւունքը օշինդրի կը դարձնէք,
Արդարութիւնը գետինը կը ձգէք,
8 Փնտռեցէ՛ք զանիկա, որ Բազմաստեղն ու Հայկը շինեց,
Որ մահուան ստուերը առաւօտեան լոյսի կը դարձնէ,
Ցորեկը գիշերուան պէս կը մթնցնէ,
Որ ծովուն ջուրերը կը կանչէ,
Զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։
Անոր անունը Եհովա է,
9Որ զօրաւորին վրայ յանկարծ կորուստ կը բերէ
Ու կորուստը մինչեւ ամրոցը կը հասցնէ։
10Դրանը մէջ յանդիմանողը կ’ատեն,
Շիտակ խօսողէն կը զզուին։
11Քանի որ աղքատին վրայ կը կոխէք
Ու անկէ ցորենի պարգեւներ կ’առնէք,
Թէեւ տաշուած քարէ տուներ ալ շինէք,
Անոնց մէջ պիտի չբնակիք։
Թէեւ ցանկալի այգիներ ալ տնկէք,
Անոնց գինին պիտի չխմէք։
12Քանզի գիտեմ թէ որքան շատ են ձեր անօրէնութիւնները
Եւ որքան մեծ են ձեր մեղքերը։
Արդարը կը նեղէք, կաշառք կ’առնէք
Ու դրանը մէջ տնանկներուն դատը կը ծռէք։
13Անոր համար ան որ խելացի է, այն ատեն պիտի լռէ,
Քանզի ժամանակը չար է։
14Բարութիւն փնտռեցէ՛ք, ո՛չ թէ՝ չարութիւն, որպէս զի ապրիք։
Այսպէս զօրքերու Տէր Աստոածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ, ինչպէս ըսիք։
15Չարութիւնը ատեցէ՛ք ու բարութիւնը սիրեցէ՛ք
Եւ դրանը մէջ իրաւունքը հաստատեցէ՛ք։
Թերեւս զօրքերու Տէր Աստուածը Յովսէփին մնացորդին ողորմի։
16Անոր համար զօրքերու Աստուածը՝ տէր Եհովան՝ այսպէս կ’ըսէ.
«Ամէն հրապարակի մէջ ողբ պիտի ըլլայ
Ու ամէն փողոցի մէջ ‘Վա՜յ, վա՜յ’, պիտի ըսեն։
Երկրագործը՝ սուգի ու ողբ գիտցողները ողբալու պիտի կանչեն։
17Եւ ամէն այգիի մէջ ողբ պիտի ըլլայ,
Քանզի քու մէջէդ պիտի անցնիմ», կ’ըսէ Տէրը։
18Վա՜յ ձեզի, որ Տէրոջը օրուանը կը ցանկաք։
Ձեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ Տէրոջը օրը։
Անիկա խաւար է եւ ո՛չ թէ լոյս։
Այնպէս պիտի ըլլաք։
19Որպէս թէ մարդ մը առիւծին երեսէն փախչի
Ու արջ մը անոր հանդիպի,
Կամ տունը մտնէ ու ձեռքը պատին կռթնցնէ
Ու օձը զայն խայթէ։
20Ահա Տէրոջը օրը խաւար է եւ ո՛չ թէ՝ լոյս։
Անոր մէջ մառախուղ կայ եւ ո՛չ թէ պայծառութիւն։
21Ձեր տօները կ’ատեմ ու կը մերժեմ,
Ձեր հանդիսաւոր ժողովներէն հաճոյք պիտի չառնեմ։
22Եթէ ինծի ողջակէզներ ու ձեր հացի ընծաները մատուցանէք ալ՝
Պիտի չընդունիմ
Եւ ձեր գէր անասուններուն՝ խաղաղութեան զոհերուն՝ պիտի չնայիմ։
23Քու երգերուդ ձայնը ինծմէ հեռացուր,
Քանզի քու տաւիղներուդ եղանակը պիտի չլսեմ։
24Բայց իրաւունքը ջուրի պէս թող վազէ
Ու արդարութիւնը՝ զօրաւոր գետի պէս։
25Միթէ անապատին մէջ քառասուն տարի
Ինծի զոհեր ու ընծանե՞ր մատուցանեցիք, ո՛վ Իսրայէլի տուն։
26Դուք՝ ձեր Մողոքի խորանները
Ձեր Քիունի կուռքերը
Եւ ձեզի համար շինուած աստուածներուն աստղը կրեցիք։
27Ուստի ձեզ Դամասկոսէն անդին գերի պիտի քշեմ»,
Կ’ըսէ Տէրը, որուն անունը զօրքերու Աստուած է։

Currently Selected:

ԱՄՈՎՍԱՅ 5: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in