ԱՄՈՎՍԱՅ 4
4
1«Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերանը վրայ եղող Բասանի կովեր,
Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք,
Տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք,
Ձեր տէրերուն՝ ‘Բեր որ խմենք’, կ’ըսէք։
2Տէր Եհովան իր սրբութիւնովը երդում ըրաւ,
Թէ՝ ահա ձեր վրայ օրեր պիտի գան,
Երբ ձեզ կարթերով պիտի վերցնեն
Ու ձեր սերունդը՝ ձուկի կարթերով։
3Ձեզմէ իւրաքանչիւրը խրամատներէն դուրս պիտի հանուիք
Ու բերդը պիտի նետուիք», կ’ըսէ Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
4«Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք,
Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք,
Ամէն առտու ձեր զոհերը
Ու ամէն երեք օրը անգամ մը ձեր տասանորդները բերէ՛ք։
5Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛ք
Ու կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛ք,
Քանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ»,
Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
6«Ես ալ ձեզի ձեր քաղաքներուն մէջ՝ ակռայի մաքրութիւն
Ու ձեր բոլոր տեղերը հացի կարօտութիւն տուի,
Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
7«Հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրեւը դադրեցուցի,
Ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի.
Բայց միւս քաղաքին վրայ անձրեւ տեղացուցի։
Վիճակի մը վրայ անձրեւ եկաւ,
Բայց միւս վիճակը, որուն վրայ անձրեւ չեկաւ, չորցաւ։
8Երկու երեք քաղաք՝ ջուր խմելու համար՝
Մէկ քաղաքի մէջ հաւաքուեցան,
Բայց չգոհացան։
Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
9«Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի,
Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզները
Ու այգիները եւ թզենիներն ու ձիթենիները,
Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
10«Եգիպտոսի #4:10 Կամ, կերպովըճամբուն մէջ՝ ՝ ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի,
Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի,
Թողուցի որ ձեր ձիերը գերի տարուին,
Ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը հասցուցի,
Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
11«Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի,
Կրակէ հանուած խանձուողի պէս եղաք,
Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
12Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ո՛վ Իսրայէլ,
Քանի որ քեզի այս բանը պիտի ընեմ,
Ուստի քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։
13Ահա Ան, որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց,
Որ յայտնէ մարդուն՝ անոր խորհուրդը։
Ան որ արշալոյսը կը խաւարեցնէ
Ու երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ,
Անոր անունը Եհովա՝ զօրքերու Աստուած է։
Currently Selected:
ԱՄՈՎՍԱՅ 4: WARMB
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.