YouVersion Logo
Search Icon

ԱՄՈՎՍԱՅ 3

3
1Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ,
Որ Տէրը ձեզի դէմ կը խօսի,
Այն բոլոր ազգատոհմին դէմ,
Որ Եգիպտոսէն հանեց.
2«Երկրի բոլոր ազգատոհմերէն միայն քեզ ճանչցայ,
Այս պատճառով ձեր բոլոր անօրէնութիւններուն համար ձեզ պիտի պատժեմ»։
ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ ԳՈՐԾԸ
3«Կարելի՞ է, որ երկու մարդ մէկտեղ քալեն,
Եթէ միաբանութիւն չունենան։
4Միթէ առիւծը անտառին մէջ կը մռնչէ՞,
Եթէ որս մը չունենայ։
Կորիւնը իր որջէն ձայն կու տա՞յ,
Եթէ բան մը առած չըլլայ։
5Միթէ թռչունը երկրի վրայ վարմի մէջ կ’իյնա՞յ,
Եթէ անոր համար որոգայթ լարուած չըլլայ.
Վարմը երկրէն կը վերցուի՞,
Երբ բան մը բռնած չըլլայ։
6Եթէ քաղաքին մէջ փող հնչուի,
Ժողովուրդը չի՞ վախնար։
Միթէ քաղաքին մէջ չարիք մը կ’ըլլա՞յ,
Եթէ Տէրը ըրած չըլլայ։
7Յիրաւի Տէր Եհովան բան մը չըներ,
Մինչեւ որ իր գաղտնիքը իր ծառաներուն՝ մարգարէներուն՝ չյայտնէ։
8Առիւծը մռնչեց, ո՞վ պիտի չվախնայ։
Տէր Եհովան խօսեցաւ, ո՞վ պիտի չմարգարէանայ»։
ՍԱՄԱՐԻԱՅԻ ԴԱՏԱՎՃԻՌԸ
9Ազովտոսի մէջ՝ պալատներու վրայ
Ու Եգիպտոսի մէջ պալատներու վրայ կանչեցէ՛ք ու ըսէ՛ք.
«Սամարիայի լեռներուն վրայ հաւաքուեցէ՛ք
Եւ անոր խռովութիւնները
Ու բռնութիւնները տեսէ՛ք»։
10«Քանզի ուղղութիւն ընել չեն գիտեր, կ’ըսէ Տէրը,
Այլ իրենց պալատներուն մէջ զրկանք ու յափշտակութիւն կը դիզեն»։
11Ուստի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.
«Թշնամին երկրին բոլորտիքը պիտի ըլլայ
Ու ամրութիւնդ պիտի խորտակուի
Եւ քու պալատներդ պիտի կողոպտուին»։
12Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
«Ինչպէս հովիւը առիւծին բերնէն
Երկու ազդրը կամ մէկ ականջի կտոր կ’ազատէ,
Այնպէս պիտի ազատին Իսրայէլի որդիները,
Որոնք Սամարիայի մէջ՝ բազմոցի մը անկիւնը
Ու #3:12 Կամ, Դամասկոսի կերպասով զարդարուածԴամասկոսի մէջ՝ ՝ անկողնի վրայ կը նստին»։
13«Լսեցէ՜ք ու Յակոբի տանը վկայութիւն ըրէ՛ք»,
Կ’ըսէ զօրքերու Աստուածը՝ Տէր Եհովան.
14«Այն օրը, երբ Իսրայէլի յանցանքներուն պատիժը անոր վրայ բերեմ,
Բեթէլի սեղաններն ալ պիտի պատժեմ։
Սեղանին եղջիւրները պիտի կոտրտին ու գետինը իյնան։
15Ձմեռնային տունն ու ամառնային տունը պիտի կործանեմ,
Փղոսկրեայ տուները պիտի կորսուին,
Մեծ տուները բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։

Currently Selected:

ԱՄՈՎՍԱՅ 3: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in