YouVersion Logo
Search Icon

ՂՈԻԿԱՍ 6:27-49

ՂՈԻԿԱՍ 6:27-49 WA2017

Բայց կ’ըսեմ ձեզի որ մտիկ կ’ընէք. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները, ձեզ ատողներուն բարիք ըրէք, ձեզ անիծողները օրհնեցէք, ձեզի նեղութիւն տուողներուն համար աղօթք ըրէք։ Թէ որ մէկը քու ծնօտիդ զարնէ, միւսն ալ մօտեցուր անոր. եթէ ան քու վերարկուդ քեզմէ հանէ, մի՛ արգիլեր անկէ շապիկդ ալ։ Ամէն ինչ, որ քեզմէ կ’ուզէ՝ տուր ու քու բաներդ առնողէն զանոնք մի՛ պահանջեր։ Ինչպէս կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք։ Եթէ դուք ձեզ սիրողները սիրէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ կը սիրեն զիրենք սիրողները։ Եթէ դուք ձեզի բարիք ընողներուն բարիք ընէք, ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ նոյն բանը կ’ընեն։ Եթէ այնպիսի մարդոց փոխ տաք՝ որոնցմէ յոյս ունիք ետ առնելու. ի՞նչ շնորհք կ’ունենաք. վասն զի մեղաւորներն ալ մեղաւորներուն փոխ կու տան, որպէս զի նոյն չափով ետ առնեն։ Այլ սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասն զի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»։ «Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզ պիտի ներուի։ Տուէ՛ք ու ձեզ պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի»։ Առակ մըն ալ ըսաւ անոնց. «Միթէ կոյրը կոյրին կրնա՞յ առաջնորդութիւն ընել. չէ՞ որ երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան։ Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ»։ «Ինչո՞ւ քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը կը տեսնես ու քու աչքիդ մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ. ‘Եղբա՛յր, թող տուր որ աչքիդ մէջի շիւղը հանեմ’ եւ դուն քու աչքիդ մէջի գերանը չես տեսներ։ Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես քու եղբօրդ աչքին մէջի շիւղը»։ «Չկայ բարի ծառ մը, որ չար պտուղ բերէ, ո՛չ ալ չար ծառ մը, որ բարի պտուղ բերէ. վասն զի ամէն ծառ իր պտուղէն կը ճանչցուի։ Քանզի փուշերէն թուզ չեն քաղեր ու մորենիէն խաղող չեն ժողվեր։ Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարութիւն կը բղխեցնէ եւ չար մարդը իր սրտին չար գանձէն չարութիւն կը բղխեցնէ. վասն զի բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի»։ «Ինչո՞ւ զիս Տէ՛ր, Տէ՛ր, կը կոչէք ու ըսած բաներս չէք կատարեր։ Այն, որ ինծի կու գայ եւ իմ խօսքերս կը լսէ ու զանոնք կը կատարէ, ձեզի ցուցնե՞մ թէ որու կը նմանի։ Անիկա տուն շինող մարդու մը կը նմանի, որ փորեց ու խորունկցուց ու հիմը վէմի վրայ դրաւ եւ ջուրերուն յորդած ատենը գետը զարկաւ այն տանը ու չկրցաւ զանիկա շարժել, վասն զի վէմի վրայ հաստատուած էր։ Բայց ան որ իմ խօսքերս կը լսէ ու չի կատարեր, կը նմանի այն մարդուն, որ հողի վրայ առանց հիմի տուն շինեց, որուն զարկաւ գետը եւ շուտ մը փլաւ։ Այն տանը կործանումը մեծ էր»։

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy