YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 2

2
ԿԵՆԴԱՆԻ ՎԷՄԸ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԱԶԳԸ
1Ուրեմն մէկդի՛ ձգելով ամէն չարութիւն ու ամէն խաբէութիւն ու կեղծաւորութիւն եւ նախանձ ու ամէն չարախօսութիւն՝ 2նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք [մինչեւ փրկութիւն], 3քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք։ 4Մօտեցէ՛ք անոր, այն կենդանի Վէմին որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է, 5դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու։ 6Որովհետեւ գրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիօնի մէջ ընտիր, պատուական անկիւնի վէմ մը կը դնեմ եւ ով որ անոր հաւատայ՝ բնաւ պիտի չամչնայ»։ 7Ուստի ձեզի հաւատացեալներուդ պատուական է ան, բայց անհաւատներուն՝ «Այն քարը որ շինողները անարգեցին՝ անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ 8եւ գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար անոնց՝ որ խօսքին չհաւատալով կը գայթակղին», որուն սահմանուած ալ էին։ 9Բայց դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց. 10որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
11Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին, 12ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։ 13Ուստի հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, 14թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։ 15Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք. 16ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս։ 17Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԿԸ
18Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ո՛չ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն ալ։ 19Քանզի Աստուծմէ է այս շնորհքը, երբ մէկը բարի խղճմտանքով անիրաւ տեղ վիշտ կը կրէ։ 20Վասն զի գովեստի արժանի ի՛նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք ու համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է։ 21Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց, որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։ 22Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ, 23բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր. 24որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք. որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք։ 25Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy