YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 3

3
ԿԻՆԵՐ ԵՒ ԱՄՈՒՍԻՆՆԵՐ
1Նմանապէս կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն, որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ 2տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը։ 3Ձեր զարդարանքը թող չըլլայ դրսէն մազերու հիւսուածքներով եւ ոսկիներու շարքերով կամ շքեղ հանդերձներ հագնելով, 4հապա սրտին ծածուկ մարդը անեղծութիւնով հեզ ու հանդարտ հոգիին զարդը թող ըլլայ, որ Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական է։ 5Վասն զի ատենօք սուրբ կիները, որոնք իրենց յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած էին, անձերնին կը զարդարէին՝ իրենց այրերուն հնազանդ ըլլալով. 6ինչպէս Սառա հնազանդ էր Աբրահամին եւ զանիկա տէր կը կոչէր։ Դուք՝ եթէ բարեգործ ըլլաք ու ոեւէ երկիւղ չունենաք՝ անոր զաւակները կ’ըլլաք։
7Նմանապէս այրերը խոհեմութիւնով անոնց հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով կիները, իբրեւ կեանքի շնորհքին ժառանգակիցներ՝ որպէս զի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔ
8Վերջապէս ամէնքդ մէկ մտքի վրայ եղէք, կարեկից, եղբայրասէր, ողորմած ու #3.8 Ոմանք, խոնարհքաղցրաբարոյ։ 9Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք, գիտնալով որ այս բանին համար կանչուեցաք, որպէս զի օրհնութիւն ժառանգէք։ 10Վասն զի ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, իր լեզուն թող դադրեցնէ չարութենէ ու իր շրթունքները՝ նենգութիւն խօսելէ։ 11Թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։ 12Վասն զի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է։ 13Եւ ո՞վ ձեզի չարիք մը պիտի հասցնէ՝ եթէ դուք բարիին հետեւիք։ 14Բայց եթէ արդարութեան համար չարչարուիք ալ՝ երանելի էք եւ անոնց ահէն մի՛ վախնաք ու մի՛ շփոթիք. 15հապա Տէր Աստուածը սրտերնուդ մէջ սո՛ւրբ պահեցէք եւ միշտ պատրա՛ստ եղէք հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամենուն՝ որոնք ձեր ունեցած յոյսին մասին կը հարցնեն։ 16Մաքուր խղճմտանք ունեցէք, որպէս զի անոնք որ ձեզ կը բամբասեն իբրեւ չարագործներ ամօթով մնան, անոնց պէս որ Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը կը պախարակեն։ 17Վասն զի աւելի աղէկ է բարեգործութիւն ընելով չարչարուիլ, եթէ Աստուծոյ կամքը այդ է, քան թէ չարագործութիւն ընելով։ 18Վասն զի Քրիստոս ալ մեղքի համար մէկ անգամ չարչարուեցաւ, Արդարը անարդարներուն համար, որպէս զի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Ան թէպէտ մեռաւ մարմնով, բայց կենդանի է հոգիով. 19որով բանտի մէջ եղած հոգիներուն ալ գնաց ու քարոզեց. 20որոնք ատեն մը ապստամբ էին, երբ Աստուծոյ երկայնմտութիւնը կը համբերէր անոնց Նոյին օրերը՝ երբ տապանը կը շինուէր, որուն մէջ քիչ անձեր, այսինքն ութ հոգի, ջուրէն ազատեցան. 21որ մեզ ալ՝ այն օրինակին պէս՝ մկրտութիւնը հիմա կ’ապրեցնէ, (ո՛չ թէ մարմնին աղտը մէկդի ձգելը, հապա բարի խղճմտանքին վկայութիւնը առ Աստուած), Յիսուս Քրիստոսին յարութիւնովը. 22որ երկինք գացած՝ Աստուծոյ աջ կողմն է, հրեշտակներն ու իշխանութիւնները եւ զօրութիւնները իրեն հնազանդ են։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy