YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՋԻՆ ՊԵՏՐՈՍԻ 1

1
1Պետրոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ օտարականներուդ, որ ցրուած էք Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ, ընտրուած՝ 2Հօր Աստուծոյ կանխագիտութեանը համեմատ՝ Հոգիին սրբացնելովը, հնազանդութեան եւ Յիսուս Քրիստոսին արիւնին սրսկուելուն համար. շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ թող շատնան։
ԿԵՆԴԱՆԻ ՅՈՅՍ ՄԸ
3Օրհնեալ է Աստուած՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին Հայրը՝ որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ նորէն ծնաւ կենդանի յոյսին համար՝ Յիսուս Քրիստոսին մեռելներէն յարութիւն առնելովը, 4անեղծ ու անարատ եւ անթառամ ժառանգութեանը համար՝ որ երկինքը պահուած է մեզի, 5որ Աստուծոյ զօրութիւնովը պահպանուած էք հաւատքով այն փրկութեանը համար՝ որ պատրաստուած է վերջին ժամանակը յայտնուելու. 6որով կ’ուրախանաք, թէեւ հիմա, ինչպէս հարկը կը պահանջէ, քիչ մը ատեն տրտմած էք զանազան փորձութիւններով 7որպէս զի ձեր հաւատքին փորձառութիւնը (որ կորստական ոսկիէն աւելի պատուական է, թէեւ ոսկին կրակով կը փորձուի), գտնուի գովութիւնով ու պատիւով եւ փառքով Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը. 8որ դուք չտեսած կը սիրէք եւ որը հիմա ալ չէք տեսներ, բայց կը հաւատաք անոր եւ ուրախ էք անպատմելի եւ փառաւոր խնդութեամբ, 9որպէս ձեր հաւատքին արդիւնք՝ հոգիներուն փրկութիւնը ընդունեցիք։ 10Այդ փրկութեան համար փնտռեցին ու քննեցին մարգարէները, որ մարգարէացան ձեզի ըլլալու շնորհքը։ 11Ու կը քննէին թէ ե՞րբ կամ ի՞նչպիսի ատեն կ’իմացնէր իրենց մէջ եղած Քրիստոսին Հոգին, որ առաջ կը վկայէր Քրիստոսին չարչարուիլը ու անկէ յետոյ փառաւորուիլը։ 12Անոնց յայտնուեցաւ, որոնք ո՛չ թէ իրենց՝ հապա մեզի մատակարարեցին այն բաները, որոնք հիմա ձեզի պատմուեցան անոնց ձեռքով՝ որ աւետարանը քարոզեցին ձեզի Սուրբ Հոգիով, որ երկնքէն ղրկուեցաւ. որոնց հրեշտակները կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։
ԿՈՉ ՄԸ ՍՈՒՐԲ ԿԵԱՆՔԻ
13Ձեր մտքերը գօտեպնդեցէ՛ք՝ արթուն կեցած՝ կատարելապէս յուսացէք այն շնորհքին որ ձեզի պիտի տրուի Յիսուս Քրիստոսին յայտնուելու ատենը։ 14Հնազանդ զաւակներու պէս, ո՛չ թէ ձեր տգիտութեան ատենուան ցանկութիւններովը վարուելով, 15հապա ձեզ կանչող Սուրբին պէս դուք ալ սուրբ եղէք ձեր բոլոր վարմունքներուն մէջ։ 16Վասն զի գրուած է. «Սո՛ւրբ եղէք, քանզի ես սուրբ եմ»։ 17Եթէ Հայր կը կոչէք զանիկա՝ որ առանց աչառութեան կը դատէ ամէն մէկը իր գործին համեմատ, ուրեմն ձեր պանդխտութեան ժամանակը վախո՛վ անցուցէք, 18գիտնալով որ դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, 19հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը. 20որ ճանչցուած էր աշխարհի սկիզբէն առաջ ու վերջին ատենը յայտնուեցաւ ձեզի համար, 21որուն միջոցով Աստուծոյ հաւատացիք, որ զանիկա մեռելներէն յարուցանեց եւ անոր փառաւորութիւն տուաւ, որպէս զի ձեր հաւատքը ու յոյսը Աստուծոյ վրայ ըլլայ։ 22Ձեր անձերը մաքրեցէ՛ք Հոգիին միջոցաւ՝ ճշմարտութեանը հնազանդելով, եղբայրսիրութեան մէջ անկեղծ ըլլալով։ Սուրբ սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք, 23նորէն ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու սերմէն, հապա՝ անապականացուէն Աստուծոյ կենդանի ու յաւիտենական խօսքովը։ 24Վասն զի ամէն մարմին խոտի պէս է եւ մարդուն բոլոր փառաւորութիւնը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ ու անոր ծաղիկը կը թափթփի. 25բայց Տէրոջը խօսքը յաւիտեան կը մնայ, այսինքն այն խօսքը, որ աւետարանով ձեզի քարոզուեցաւ։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in

YouVersion uses cookies to personalize your experience. By using our website, you accept our use of cookies as described in our Privacy Policy