«Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,
Երբ Դաւիթէն արդարութեան Շառաւիղ մը պիտի հանեմ,
Որ թագաւորի պէս թագաւորութիւն պիտի ընէ,
Իմաստութեամբ պիտի վարուի
Ու երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։
Անոր օրերը Յուդան պիտի ազատի
Եւ Իսրայէլը ապահովութեամբ պիտի բնակի։
Այս է անոր անունը, որով պիտի կոչուի.
‘ՏԷՐԸ՝ ՄԵՐ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ’։