ԵՍԱՅԵԱՅ 62:6-7
ԵՍԱՅԵԱՅ 62:6-7 WARMB
Քու պարիսպներուդ վրայ, ո՛վ Երուսաղէմ, պահապաններ դրի. Անոնք բոլոր օրը ու բոլոր գիշերը բնաւ պիտի չլռեն։ Դուք, ո՛վ Տէրը յիշողներ, լուռ մի՛ կենաք Ու անոր հանգստութիւն մի՛ տաք, Մինչեւ անիկա հաստատէ, Մինչեւ Երուսաղէմը երկրին գովելի քաղաքը դարձնէ։





