1
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:5
Western Armenian Bible 1853
WARMB
Բայց անիկա մեր մեղքերուն համար վիրաւորուեցաւ Եւ մեր անօրէնութիւններուն համար ծեծուեցաւ։ Մեր խաղաղութեան պատիժը անոր վրայ եղաւ Եւ անոր վէրքերովը մենք բժշկուեցանք։
Compare
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:5
2
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:6
Ամէնքս ոչխարներու պէս մոլորեցանք։ Ամէն մէկս իր ճամբան դարձաւ։ Տէրը մեր ամենուն անօրէնութիւնը անոր վրայ դրաւ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:6
3
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:4
Իրաւցընէ անիկա մեր ցաւերը վերցուց Ու մեր վիշտերը իր վրայ առաւ։ Մենք զանիկա վիրաւորուած, Աստուծմէ զարնուած Ու չարիքի հանդիպած սեպեցինք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:4
4
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:3
Անիկա մարդոցմէ անարգուեցաւ ու երեսէ ձգուեցաւ, Վիշտերու տէր ու ցաւերու տեղեակ եղաւ։ Անկէ երես դարձնելու մարդու պէս եղաւ, Անարգուեցաւ ու զանիկա չյարգեցինք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:3
5
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:7
Անիկա անիրաւութիւն կրեց ու չարչարուեցաւ, Բայց իր բերանը չբացաւ։ Մորթուելու տարուող ոչխարի պէս, Իր խուզողներուն առջեւ մունջ կեցող մաքիի պէս՝ Այնպէս իր բերանը չբացաւ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:7
6
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:10
Տէրը հաճեցաւ, որ ան ճզմուի եւ տագնապի հանդիպի, Երբ իր անձը մեղքի համար ողջակիզէ, Անիկա սերունդ պիտի տեսնէ, իր օրերը պիտի երկնցնէ Ու Տէրոջը կամքը անոր ձեռքով պիտի յաջողի։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:10
7
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:2
Քանզի անիկա անոր առջեւ մատաղատունկի պէս Եւ ծարաւուտ երկրէ ելլող արմատի պէս բուսաւ։ Անիկա կերպարանք կամ վայելչութիւն չունէր, որպէս զի անոր նայէինք, Ոչ ալ այնպիսի երեւոյթ մը, որպէս զի անկէ ախորժէինք։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:2
8
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:12
Անոր համար մեծերուն հետ բաժին պիտի տամ անոր Եւ հզօրներուն հետ աւարէն բաժին պիտի առնէ, Քանզի իր անձը մահուան մատնեց, Յանցաւորներու հետ սեպուեցաւ. Շատերու մեղքը վերցուց Ու յանցաւորներու համար միջնորդութիւն ըրաւ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:12
9
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:11
Իր անձին աշխատութեանը պտուղը տեսնելով պիտի կշտանայ։ Իմ արդար ծառաս իր գիտութիւնովը շատերը պիտի արդարացնէ, Քանզի անոնց անօրէնութիւնները ինք պիտի կրէ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:11
10
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:8
Նեղութեամբ եւ դատապարտութեամբ՝ ՝ վերցուեցաւ Ու անոր ազգատոհմը ո՞վ պիտի յայտնէ, Քանզի անիկա կենդանիներուն երկրէն կտրուեցաւ, Անիկա իմ ժողովուրդիս յանցանքին համար զարնուեցաւ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:8
11
ԵՍԱՅԵԱՅ 53:9
Անոր գերեզմանը ամբարիշտներուն հետ դրուեցաւ, Բայց երբ մեռաւ հարուստին հետ եղաւ։ Քանզի անիկա անօրէնութիւն մը չգործեց Ու անոր բերնին մէջ նենգութիւն մը չգտնուեցաւ։
Explore ԵՍԱՅԵԱՅ 53:9