Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։ Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։