Անոնց սորվեցուր կանոններն ու օրէնքները եւ գիտցուր անոնց իրենց քալելու ճամբան ու իրենց ընելու գործը։ Բայց դուն բոլոր ժողովուրդէն կարող մարդիկ, Աստուծմէ վախցող, ճշմարտասէր ու ագահութիւնը ատող մարդիկ ընտրէ՛ ու ասոնք հազարապետներ ու հարիւրապետներ, յիսնապետներ ու տասնապետներ դիր անոնց վրայ։