YouVersion Logo
Search Icon

ԵԼԻՑ 17

17
ԱՊԱՌԱԺԷՆ՝ ՋՈՒՐ
(Թուոց 20:1-13)
1Իսրայէլի բոլոր որդիները Տէրոջը խօսքին պէս՝ իրենց գնացքին համեմատ Սին անապատէն չուեցին եւ Ռափիդիմի մէջ բանակ դրին։ Հոն ժողովուրդին խմելու ջուր չկար։ 2Ժողովուրդը Մովսէսին հետ վիճեցաւ ու ըսաւ. «Մեզի ջուր տուր, որ խմենք»։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ ինծի հետ կը վիճիք. ինչո՞ւ Տէրը կը փորձէք»։ 3Ժողովուրդը ջուրի համար ծարաւեցաւ ու Մովսէսին դէմ տրտունջ ըրաւ ու ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մեզ Եգիպտոսէն հանեցիր։ Մեզ ու մեր որդիները եւ մեր հօտերը ծարաւէն պիտի մեռցնե՞ս»։
4Մովսէս Տէրոջը աղաղակեց ըսելով. «Ի՞նչ ընեմ այս ժողովուրդին. գրեթէ պատրաստ են զիս քարկոծելու»։ 5Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ժողովուրդին առջեւ անցի՛ր ու Իսրայէլի ծերերը քեզի հետ ա՛ռ եւ քու գաւազանդ, որով գետը զարկիր, ձեռքդ առ ու գնա՛։ 6Ահա Քորեբի մէջ ժայռին վրայ՝ հոն քու առջեւդ կը կայնիմ։ Ժայռին զա՛րկ ու անկէ ջուր պիտի ելլէ եւ ժողովուրդը պիտի խմէ»։ Մովսէս այնպէս ըրաւ Իսրայէլի ծերերուն առջեւ։ 7Այն տեղին անունը #17:7 Այսինքն, փորձութիւն ու վիճաբանութիւնՄասսա ու Մերիպա՝ ՝ դրաւ. վասն զի Իսրայէլի որդիները հոն վիճեցան եւ Տէրը փորձեցին՝ ըսելով. «Արդեօք Տէրը մեր մէ՞ջ է»։
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԱՄԱՂԷԿԻ ՀԵՏ
8Այն ատեն Ամաղէկ եկաւ ու Ռափիդիմի մէջ Իսրայէլի հետ պատերազմեցաւ։ 9Մովսէս ըսաւ Յեսուին. «Մեզի մարդիկ ընտրէ՛ ու Ամաղէկին հետ պատերազմելու ելի՛ր. վաղը ես բլուրին գլուխը պիտի կայնիմ՝ Աստուծոյ գաւազանը ձեռքս ունենալով»։ 10Յեսու Մովսէսին ըսածին պէս ըրաւ ու Ամաղէկին հետ պատերազմեցաւ։ Մովսէս, Ահարոն ու Ովր բլուրին գլուխը ելան։ 11Երբ Մովսէս իր ձեռքերը վեր կը վերցնէր, Իսրայէլ կը յաղթէր, երբ իր ձեռքերը վար կ’իջեցնէր, Ամաղէկ կը յաղթէր։ 12Եւ Մովսէսին ձեռքերը ծանրանալուն՝ քար մը առին ու անոր տակ դրին եւ ինք անոր վրայ նստաւ ու Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը միւս կողմէն անոր ձեռքերը վեր բռնեցին ու մինչեւ արեգակին մարը մտնելը անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին։ 13Յեսու սուրի բերնէ անցուց Ամաղէկը ու անոր ժողովուրդը։ 14Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ասիկա յիշատակի համար գրքի մէջ գրէ ու Յեսուին #17:14 Եբր., ականջներուն մէջ դիրիմացուր՝ թէ Ամաղէկին յիշատակը երկնքի տակէն բոլորովին պիտի ջնջեմ»։ 15Մովսէս սեղան մը շինեց ու անոր անունը #17:15 Այսինքն, Տէրը իմ դրօշակս էԵհովանիսի դրաւ 16Ու ըսաւ. «#17:16 Եբր., Քանզի Տէրը իր, աթոռին վրայ ձեռք վերցնելով երդում ըրաւ, կամ, Որովհետեւ ձեռք վերցուց Տէրոջը աթոռին դէմ։Քանզի Տէրը երդում ըրաւ՝ ըսելով թէ՝ ‘Տէրը ազգէ ազգ պիտի պատերազմի Ամաղէկի դէմ’»։

Currently Selected:

ԵԼԻՑ 17: WARMB

Highlight

Share

Compare

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in