Իսրայէլին որդիները ըսին անոնց. «Երանի՜ թէ Տէրոջը ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ մսի կաթսաներուն քովը նստած էինք ու կուշտ հաց կ’ուտէինք. քանզի մեզ այս անապատը հանեցիք, որ բոլոր այս ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնէք»։
Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ եւ ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը, որպէս զի փորձեմ զանոնք թէ իմ օրէնքիս համեմատ պիտի քալե՞ն թէ ոչ։