Biểu trưng YouVersion
Biểu tượng Tìm kiếm

ԾՆՆԴՈՑ 2

2
ԵԴԵՄԻ ՊԱՐՏԷԶԸ
1Ամբողջացան երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր #2:1 Եբր., զօրքըզարդերը։ 2Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն։ 3Եւ Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա. վասն զի անոր մէջ հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն՝ որոնք ստեղծագործութեան մէջ կատարած էր։
4Ասոնք են երկնքի ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը։
5Երբ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ, դեռ դաշտին բոլոր բոյսերը՝ երկրի վրայ չեղած եւ դաշտին բոլոր խոտը՝ դեռ չբուսած. քանզի Տէր Աստուած երկրի վրայ տակաւին անձրեւ բերած չէր ու գետինը մշակող մարդ չկար, 6Հապա երկրէն շոգի կ’ելլէր ու գետնին բոլոր երեսը կը ջրէր։ 7Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։
8Եւ Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ։ 9Եւ Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ ու պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառը եւ բարին ու չարը գիտնալու ծառն ալ բուսցուց։ 10Եւ պարտէզը ջրելու համար Եդեմէն գետ մը կ’ելլէր ու անկէ չորս ճիւղի կը բաժնուէր։ 11Մէկուն անունը Փիսոն է. ասիկա Եւիլայի բոլոր երկիրը կը պտըտի, ուր ոսկի կայ 12Եւ այն երկրին ոսկին ազնիւ է. սուտակ ու եղնգնաքար կայ հոն։ 13Ու երկրորդ գետին անունը Գեհոն է. ասիկա Քուշի բոլոր երկիրը կը պտըտի։ 14Ու երրորդ գետին անունը Տիգրիս է. ասիկա Ասորեստանի արեւելեան կողմը կ’երթայ։ 15Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ։ 16Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. 17Բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։
18Տէր Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» 19Եւ Տէր Աստուած դաշտին բոլոր գազաններն ու երկնքի բոլոր թռչունները հողէն շինեց եւ Ադամին առջեւ բերաւ, որպէս զի տեսնէ թէ անոնց ի՛նչ անուն պիտի դնէ։ Ադամ ի՛նչ անուն, որ դրաւ շնչաւոր կենդանիի, այն եղաւ անոր անունը։ 20Ադամ բոլոր անասուններուն ու երկնքի թռչուններուն եւ դաշտի բոլոր գազաններուն անուններ դրաւ, բայց Ադամին յարմար օգնական մը չգտնուեցաւ։ 21Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ ու անիկա քնացաւ։ Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։ 22Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։ 23Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։ 24Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան։ 25Եւ Ադամ ու իր կինը՝ երկուքն ալ մերկ էին ու չէին ամչնար։

Tô màu

Chia sẻ

Sao chép

None

Bạn muốn lưu những tô màu trên tất cả các thiết bị của mình? Đăng ký hoặc đăng nhập

YouVersion sử dụng cookies để cá nhân hóa trải nghiệm của bạn. Bằng cách sử dụng trang web của chúng tôi, bạn chấp nhận việc chúng tôi sử dụng cookies như được mô tả trong Chính sách Bảo mậtcủa chúng tôi