1
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:23
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Յիսուս ըսաւ. – Ըսիր՝ «Եթէ կրնաս»։ Ամէն ինչ կարելի է անոր համար՝ որ կը հաւատայ։
مقایسه
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:23 را جستجو کنید
2
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:24
Անմիջապէս տղուն հայրը գոչեց. – Կը հաւատա՛մ, օգնէ՛ որ հաւատքս զօրանայ։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:24 را جستجو کنید
3
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:28-29
Երբ Յիսուս տուն մտաւ, աշակերտները առանձին հարցուցին անոր. – Մե՞նք ինչու չկրցանք հանել չար ոգին։ Յիսուս պատասխանեց. – Այդ տեսակ չար ոգին միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ կարելի է դուրս հանել։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:28-29 را جستجو کنید
4
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:50
Լաւ բան է աղը, բայց եթէ իր համը կորսնցնէ՝ ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Արդ, աղ ունեցէք դուք ձեր մէջ եւ իրարու հետ խաղաղութեամբ ապրեցէք։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:50 را جستجو کنید
5
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:37
Ով որ այսպիսի փոքրիկ մը իմ անունովս ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ո՛չ թէ զիս, այլ զիս ղրկողը ընդունած կ՚ըլլայ։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:37 را جستجو کنید
6
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:41
Վստահ եղէք, թէ ան որ ձեզի գաւաթ մը ջուր կու տայ՝ որովհետեւ Քրիստոսի կը պատկանիք, իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:41 را جستجو کنید
7
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:42
Եւ ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի եւ ծովը ձգուի։
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:42 را جستجو کنید
8
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:47
Եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ՛ զայն, աւելի լաւ է միականի մտնել Աստուծոյ արքայութիւնը, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ իյնալ դժոխք
ԸՍՏ ՄԱՐԿՈՍԻ 9:47 را جستجو کنید