YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 9

9
Աստուած եւ իր ընտրած ժողովուրդը
1 Քրիստոսով ճշմարիտը կ՚ըսեմ, առանց ստելու, եւ խիղճս ալ Սուրբ Հոգիով կը վկայէ՝ 2որ մեծ տրտմութիւն մը եւ անհատնում ցաւ մը ունիմ սրտիս մէջ։ 3Պիտի ուզէի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ՝ իմ արենակից եւ ազգակից եղբայրներուս համար, 4որոնք Իսրայէլացի են, եւ իրենցն են՝ թէ՛ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու փառքը, թէ՛ Ուխտին գիրքերը, թէ՛ օրէնսդրութիւնը, թէ՛ պաշտամունքը եւ թէ՛ խոստումները։ 5Իրենցն են նաեւ նահապետները, եւ իրենցմէ էր որ մարմնաւորապէս ծնաւ Քրիստոս, որ բոլորէն վեր եղող յաւէտ օրհնեալ Աստուած է։ Ամէն։
6Եւ սակայն, Աստուծոյ խոստումը բնաւ չի կրնար վրիպած ըլլալ։ Արդարեւ, Իսրայէլէն եղող ամէն մարդ Իսրայէլացի չէ, 7եւ Աբրահամէն սերած ամէն զաւակ Աստուծոյ որդի չէ. այլ, ինչպէս խոստումն ալ կ՚ըսէր, «Իսահակէն ծնածներն են որ քու սերունդդ պիտի կոչուին»։ 8Այսինքն, ըսել կ՚ուզէ՝ թէ մարմնաւոր ծնունդները չե՛ն Աստուծոյ որդիները, այլ՝ խոստումով ծնածներն են որ Աստուծոյ սերունդ պիտի նկատուին։ 9Որովհետեւ Աստուած Աբրահամին խոստում տուած եղաւ՝ երբ ըսաւ. «Գալ տարի այս ատեն պիտի գամ եւ Սառա զաւակ մը պիտի ունենայ»։ 10Բայց ո՛չ միայն այսքան։ Ռեբեկա մէկ յղութեամբ երկուորեակ զաւակ ունեցաւ մեր հօրմէն՝ Իսահակէն։ 11-12Եւ մինչ տակաւին անոնք ծնած չէին, եւ հետեւաբար բարի կամ չար բան մը գործած չէին, Աստուած Ռեբեկայի ըսաւ. «Երէց զաւակդ կրտսերին ծառայ պիտի ըլլայ»։ Ասիկա ըրաւ՝ որպէսզի ցոյց տայ՝ թէ իր ծրագիրը կը հիմնուի ազատ ընտրութեան վրայ, որ կախում չունի մարդոց գործերէն, այլ միայն Աստուծմէ՝ որ զանոնք իրեն կը կանչէ. 13ինչպէս որ գրուած է. «Յակոբը սիրեցի, իսկ Եսաւը՝ մերժեցի»։
14Արդ, ի՞նչ ըսենք. միթէ Աստուծոյ քով անարդարութի՞ւն կայ։ Բնա՛ւ երբեք։ 15Արդարեւ, Մովսէսին կ՚ըսէ. «Որու որ ողորմիլ կ՚ուզեմ՝ պիտի ողորմիմ, որու որ գթալ կ՚ուզեմ՝ պիտի գթամ»։ 16Յստակ է, որ ո՛չ մարդուս կամեցողութենէն եւ ո՛չ ալ թափած ճիգէն կախում ունի, այլ միայն Աստուծոյ ողորմութենէն։ 17Ինչպէս որ Սուրբ գիրքին մէջ Աստուած փարաւոնին կ՚ըսէ. «Քեզ բարձրացուցի՝ որպէսզի քեզմով իմ զօրութիւնս ցոյց տամ եւ անունս ճանչցուի ամբողջ աշխարհի մէջ»։ 18Կը նշանակէ թէ որուն որ ուզէ՝ կ՚ողորմի եւ որուն որ սիրտը կարծրացնել ուզէ՝ կը կարծրացնէ։
Աստուծոյ բարկութիւնն ու ողորմութիւնը
19Անշուշտ կրնայ մէկը հարցնել.– Ուրեմն՝ ալ ի՞նչ կը մեղադրէ։ Ո՞վ իր կամքին հակառակ կրցած է կենալ։ 20Բայց ո՞վ ես դուն, ո՛վ մարդ, որ Աստուծոյ դէմ կը խօսիս։ «Միթէ ստեղծուածը կրնա՞յ իր ստեղծիչին ըսել՝ ինչո՞ւ զիս այսպէս ստեղծեցիր»։ 21Կամ կաւագործ բրուտը իրաւունք չունի՞ նոյն շաղուածքէն տարբեր անօթներ շինելու, մէկը պատուական, միւսը հասարակ։ 22Արդ, Աստուած իր բարկութիւնը ցոյց տալ եւ իր զօրութիւնը ճանչցնել ուզելով՝ մեծ համբերատարութեամբ համբերեց բարկութեան արժանի մարդոց, որոնք կորուստի դատապարտուած են, 23որպէսզի միւս կողմէ իր մեծ փառքը յայտնուի անոնց վրայ՝ որոնք իր ողորմութեան արժանի են եւ որոնք ինք սկիզբէն պատրաստեց՝ իր փառքին մասնակից դարձնելու համար։ 24Այս վերջինները մենք ենք, որ Աստուած կանչեց ո՛չ միայն Հրեաներէն, այլ նաեւ բոլոր ազգերէն, 25ինչպէս որ Ովսէա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ.–
«Ան որ իմ ժողովուրդս չէր՝
իմ ժողովուրդս պիտի կոչեմ,
ան որ սիրելի չէր ինծի՝ սիրելի պիտի կոչեմ։
26 Եւ ճիշդ այնտեղ ուր իրենց ըսի՝
“Դուք իմ ժողովուրդս չէք”,
այնտեղ անոնք
կենդանի Աստուծոյ որդիները պիտի կոչուին»։
27Իսկ Եսայի մարգարէն Իսրայէլի համար այսպէս կը գոչէ. «Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ըլլայ, պզտիկ մնացորդ մը միայն պիտի փրկուի։ 28Որովհետեւ Տէրը արդարութեամբ եւ ամբողջապէս կը կատարէ իր խոստումը, եւ անյապաղ պիտի կատարէ իր խոստումը երկրի վրայ»։ 29Եւ ինչպէս կանխաւ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ Եսայի.–
«Եթէ Ամենակալ Տէրը
մեզմէ մնացորդ մը պահած չըլլար՝
Սոդոմի եւ Գոմորի նման կորսուած պիտի ըլլայինք»։
Իսրայէլացիներ եւ փրկութիւնը
30Ուրեմն ի՞նչ կ՚եզրակացնենք։ Հեթանոսները, որոնք Աստուծոյ արդարութեան չէին հետեւեր՝ արդարացան, որովհետեւ Քրիստոսի հաւատացին. 31մինչդեռ Իսրայէլի ժողովուրդը չարդարացաւ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ, որ տրուած էր՝ մարդիկը արդարացնելու համար։ 32Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ չհաւատաց Քրիստոսի, եւ կը կարծէր թէ Օրէնքին գործադրութեամբը պիտի արդարանայ։ Ատիկա իսկ պատճառ եղաւ որ գլորին «գայթակղութեան առիթ հանդիսացող քար» ին վրայ, այսինքն՝ Քրիստոսի, 33որուն համար մարգարէութեան մէջ գրուած է.–
«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ քար մը՝
որ գլորումի առիթ պիտի ըլլայ,
ժայռ մը՝ որ գայթակղութեան առիթ պիտիհանդիսանայ։
Բայց անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in