YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 10

10
1Եղբայրնե՛ր, սրտանց կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ որ Աստուած փրկէ Իսրայէլացիները, 2որովհետեւ կրնամ իրենց մասին վկայել՝ թէ Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր են. միայն թէ այս նախանձախնդրութիւնը հիմնուած չէ Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ։ 3Անոնք չհասկցան, թէ Աստուած ի՛նչ ձեւով կ՚ուզէր արդարացնել մարդիկը։ Արդարանալու իրենց հասկցած ձեւին կառչեցան եւ ուստի չընդունեցին Աստուծոյ արդարութեան ուղին։ 4Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ։
Փրկութիւն բոլորին
5 Օրէնքէն եկող արդարութեան մասին Մովսէս կը գրէ. «Ով որ զայն կատարէ՝ անով պիտի փրկուի»։ 6Իսկ հաւատքէն եկող արդարութեան մասին այսպէս կ՚ըսէ. «Դուն քեզի մի՛ ըսեր.– Ո՞վ երկինք պիտի ելլէ», ըսել կ՚ուզէ՝ Քրիստոսը հոնկէ իջեցնելու համար. 7«Կամ մի՛ ըսեր.– Ո՞վ անդունդ պիտի իջնէ», այսինքն՝ Քրիստոսը մեռելներէն հանելու համար։ 8Նայէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ գիրքը. «Աստուծոյ պատգամը մօտիկ է քեզի, քու բերնիդ եւ սրտիդ մէջ է». ըսել կ՚ուզէ՝ հաւատքի պատգամը, որ մենք կը քարոզենք։ 9Որովհետեւ եթէ բերանովդ խոստովանիս թէ Յիսուս Տէր է, եւ սրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած զինք մեռելներէն յարուցանեց՝ կը փրկուիս։ 10Այսինքն, ոեւէ մէկը որ իր սրտին մէջ կը հաւատայ՝ կ՚արդարանայ, եւ երբ բերանով խոստովանի՝ կը փրկուի։ 11Եւ Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ. «Ով որ անոր հաւատայ՝ ամօթով պիտի չմնայ»։ 12Հաւատքի մէջ խտրութիւն չկայ Հրեային ու հեթանոսին միջեւ. բոլորին ալ Տէրը նոյն Տէրն է, որ գթառատ է բոլոր անոնց հանդէպ՝ որոնք զինք կը կանչեն, 13ինչպէս մարգարէն կ՚ըսէ. «Ով որ Տէրը օգնութեան կանչէ՝ պիտի փրկուի»։
14Բայց ի՞նչպէս մարդիկ օգնութեան պիտի կանչէին Քրիստոսը, առանց անոր հաւատացած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի հաւատային անոր, առանց իր մասին լսած ըլլալու. կամ ի՞նչպէս պիտի լսէին, եթէ քարոզող մը չկար. 15եւ կամ՝ ի՞նչպէս պիտի քարոզէին զայն, առանց Աստուծմէ ղրկուած ըլլալու։ Այդ քարոզութեան կ՚ակնարկէ մարգարէն, երբ կը գրէ. «Ի՜նչ գեղեցիկ է տեսնել աւետիս բերողները, որոնք կու գան խաղաղութեան լուրը տալու եւ գալիք բարօրութիւնը աւետելու»։ 16Բայց բոլորը չընդունեցին այդ աւետիսը. արդարեւ Եսայի մարգարէ կը գոչէ. «Տէ՛ր, ո՞վ հաւատաց մեր տուած լուրին»։ 17Կը նշանակէ, հետեւաբար, թէ հաւատքը ծնունդ կ՚առնէ քարոզութիւնը լսելէն. իսկ քարոզութիւնը հաւատք կ՚արթնցնէ՝ երբ Քրիստոսի խօսքերն են որ կը քարոզուին։
18Բայց, կը հարցնեմ.– Չլսեցի՞ն արդեօք. ընդհակառակը,
«Ամբողջ աշխարհ իմացաւ անոնց ձայնը,
մինչեւ աշխարհի ծայրերը հասաւ անոնց պատգամը»։
19Բայց կրկին կը հարցնեմ.– Արդեօք Իսրայէլ չիմացա՞ւ։ Անշո՛ւշտ իմացաւ։ Ատոր համար է որ Աստուած նախ Մովսէսի միջոցաւ կ՚ըսէ. «Ես ձեր նախանձը պիտի գրգռեմ ժողովուրդով մը, որ դեռ ժողովուրդ չէ. անմիտ ժողովուրդով մը ձեր սիրտը պիտի կսկծեցնեմ»։ 20Եսայի մարգարէի բերնով Աստուած շատ աւելին կ՚ըսէ.
«Զիս գտան անոնք՝ որ զիս չէին փնտռեր.
յայտնուեցայ անոնց՝
որոնք ինձմով չէին հետաքրքրուեր»։
21Իսկ Իսրայէլի համար կ՚ըսէ. «Ամբողջ օրը փորձեցի ետ ինծի դարձնել անհնազանդ եւ ինձմէ ապստամբած ժողովուրդը»։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in