ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 8
8
Հոգիով ապրուած կեանքը
1Եթէ այդպէս է, կը նշանակէ թէ անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի միացած են՝ դատապարտութեան ենթակայ չեն, քանի մարմնաւորապէս չեն ապրիր, այլ՝ հոգեւորապէս։ 2Որովհետեւ Հոգիին Օրէնքը զիս Քրիստոս Յիսուսի միացնելով կենդանացուց եւ ազատեց մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն։ 3Արդարեւ, ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել, մարդկային բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով, Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին, որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը, 4որպէսզի մենք, որ հոգեւորապէս կ՚ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս, կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջները։ 5Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջներով կը ղեկավարուին, անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ՚ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է։ 6Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն։ 7Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանիլ։ 8Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին՝ Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ։
9Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով։ Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի, անոր չի պատկանիր։ 10Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է, թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին, որովհետեւ մեղանչեցիք, սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ արդարացաք։ 11Այսինքն, եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած, որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, իր Հոգիին միջոցաւ որ ձեր մէջ կը բնակի՝ պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները։
12Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, պէտք չէ ապրինք մեր մարմինին համար եւ մարմնաւորապէս։ 13Որովհետեւ եթէ մարմնաւորապէս ապրիք՝ պիտի մեռնիք. իսկ եթէ Հոգիին օգնութեամբ ձեր մեղքերը սպաննէք՝ պիտի ապրիք։ 14Աստուծոյ որդիները անոնք են՝ որոնք Աստուծոյ Հոգիով կ՚առաջնորդուին։ 15Արդ, դուք Հոգին ստացաք՝ ո՛չ թէ ծառայ դառնալու եւ դարձեալ վախով ապրելու համար, այլ Հոգին ստացաք՝ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու համար։ Այդ Հոգիով է որ զԱստուած «Աբբա», այսինքն Հայր կը կոչենք, 16եւ նոյն Հոգին ինք վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք։ 17Իսկ եթէ որդի ենք, կը նշանակէ թէ նաեւ ժառանգորդներ ենք։ Այո՛, ժառանգորդներն ենք Աստուծոյ եւ ժառանգակից՝ Քրիստոսի. եւ իր չարչարանքներուն մասնակից կ՚ըլլանք՝ որպէսզի իր փառքին եւս մասնակից ըլլանք։
Գալիք փառքը
18Ես այնպէս կը խորհիմ, թէ ներկայ ժամանակի չարչարանքները ոչի՛նչ են գալիք փառքին քով՝ որ մեզի պիտի յայտնուի։ 19Եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը ակնդէտ կը սպասէ, որ Աստուած իր որդիները յայտնէ։ 20Արդարեւ, ստեղծագործութիւնը ինք եւս մարդուն հետ ակամայ դատապարտութեան ենթարկուեցաւ Աստուծոյ հրամանովը, որ սակայն նաեւ սա յոյսը տուաւ, 21թէ ստեղծագործութիւնը ինք եւս պիտի ազատագրուի փճացումի դատապարտութենէն, մասնակից դառնալու համար Աստուծոյ որդիներուն ազատութեան ու փառքին։ 22Եւ գիտենք թէ մինչեւ հիմա ամբողջ ստեղծագործութիւնը երկունքով կը հեծէ՝ այդ ազատագրութեան հասնելու համար։ 23Բայց ո՛չ միայն ստեղծագործութիւնը, այլ մենք եւս, որ Սուրբ Հոգին ստացած ենք իբրեւ Աստուծոյ պարգեւներուն երախայրիքը, մենք եւս ներքնապէս կը հեծենք՝ ակնդէտ սպասելով որդեգրութեան, այսինքն մեր մարմինին փրկութեան։ 24Այս յոյսով էր որ փրկուեցանք։ Արդ, երբ յուսացուածը կը տեսնուի՝ ա՛լ յոյս չէ. որովհետեւ մարդ ինչո՞ւ պիտի յուսայ բանի մը՝ որ արդէն կը տեսնէ։ 25Ընդհակառակը, կը յուսանք բանի մը՝ որ չենք տեսներ եւ որուն կը սպասենք համբերութեամբ։
26Ճիշդ նոյն ձեւով ալ, Սուրբ Հոգին օգնութեան կը հասնի մեր տկարութեան. որովհետեւ մենք որ կ՚աղօթենք՝ չենք գիտեր թէի՛նչպէս պէտք է աղօթել. բայց Հոգին ինք մեզի համար կը բարեխօսէ անմռունչ հառաչանքներով, 27եւ Աստուած որ սիրտերը կը քննէ՝ գիտէ թէ ի՛նչ կը խորհի Սուրբ Հոգին, որովհետեւ անիկա Աստուծոյ կամքին համաձայն կը բարեխօսէ հաւատացեալներուն համար։
28Գիտենք, թէ Աստուած բարիին համար գործակից կ՚ըլլայ անոնց՝ որոնք կը սիրեն զինք եւ իր ծրագրին համաձայն իրեն կանչուած են։ 29Որովհետեւ, Աստուած զանոնք սկիզբէն կը ճանչնար եւ սկիզբէն ալ սահմանեց որ իր Որդիին հարազատ պատկերը ըլլան, որպէսզի Յիսուս բազմաթիւ եղբայրներու մէջ անդրանիկը ըլլայ։ 30Սկիզբէն այդ սահմանուածները նաեւ կանչեց, եւ կանչուածները նաեւ արդարացուց, եւ արդարացածներն ալ փառաւորեց։
Աստուծոյ սէրը
31Ի՞նչ կրնանք ըսել այս բոլորին դիմաց։ Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ։ 32Եթէ Աստուած իր Որդիին չխնայեց, այլ՝ մինչեւ իսկ զայն մահուան մատնեց մեզի համար, անոր հետ նաեւ ամէն բան պիտի չշնորհէ՞ մեզի։ 33Ո՞վ է որ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրեալները։ Ո՛չ ոք, քանի Աստուած է արդարացնողը։ 34Կամ ո՞վ պիտի դատապարտէ։ Յիսուս Քրիստո՞սը, որ մեզի համար մեռաւ՝ բայց մանաւանդ յարութիւն առաւ, եւ հիմա Աստուծոյ աջ կողմն է ու կը բարեխօսէ մեզի համար։ Անշուշտ ո՛չ։ 35Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը կամ սո՞ւրը։ 36Ինչպէս Սաղմոսներուն մէջ գրուած է.–
«Քեզի համար՝
մարդիկ մեզ կը սպաննեն ամէն օր.
ոչխարի պէս սպանդանոց կը տանին»։
37Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր՝ որ մեզ սիրեց։ 38Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, 39ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 8: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019