Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ ոեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։