ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7
7
Քրիստոնեան Օրէնքէն ազատագրուած
1Դուք՝ իբրեւ Օրէնքին քաջածանօթ մարդիկ՝ չէ՞ք գիտեր, եղբայրնե՛ր, որ Օրէնքը մարդուն կը տիրէ՝ որքան ատեն որ մարդը կ՚ապրի։ 2Այսպէս, օրինակ, ամուսնացած կին մը Օրէնքով իր ամուսինին կապուած է, որքան ատեն որ ամուսինը ողջ է. իսկ երբ ամուսինը մեռնի՝ արձակուած կ՚ըլլայ ամուսնական կապէն։ 3Այլ խօսքով, իր ամուսինին կենդանութեան եթէ ուրիշ մարդու հետ ամուսնանայ՝ շնացող կը համարուի. մինչդեռ երբ ամուսինը մեռնի՝ ա՛լ ազատ է Օրէնքին կապէն, եւ շնացող չի համարուիր երբ ուրիշ մարդու հետ ամուսնանայ։ 4Ճիշդ նոյն ձեւով՝ դուք ալ, եղբայրնե՛ր, Քրիստոսի մարմինով մեռաք Օրէնքին համար՝ որպէսզի պատկանիք ուրիշին, անոր՝ որ մեռելներէն յարութիւն առաւ, եւ արդար վաստակով ներկայանանք Աստուծոյ։ 5Որովհետեւ, որքան ատեն որ մեղանչական բնութեան համաձայն կ՚ապրէինք՝ մեղքերու ցանկութիւնները Օրէնքին միջոցաւ կը ներգործէին մեր անդամներուն մէջ, իբրեւ արդիւնք՝ մահ պատճառելով։ 6Բայց հիմա, Քրիստոսի հետ մեռած ըլլալով՝ ա՛լ զերծ ենք Օրէնքի կապէն, որուն գերի էինք ժամանակ մը. այնպէս որ, մենք այլեւս Աստուծոյ կը ծառայենք Սուրբ Հոգիին բերած նորոգութեամբ եւ ո՛չ թէ գրաւոր Օրէնքին թելադրած հին ձեւով։
Օրէնք եւ մեղք
7Արդ, ի՞նչ ըսենք. Օրէնքը մե՞ղք է։ Բնա՛ւ երբեք։ Եւ սակայն ես չէի գիտնար թէ ի՛նչ է մեղքը, եթէ Օրէնքը չյայտնէր։ Օրինակ, չէի գիտնար ի՛նչ է ցանկութիւնը, եթէ Օրէնքը չըսէր՝ «Մի՛ ցանկար»։ 8Մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ ամէն տեսակի ցանկութիւն առաջացուց իմ մէջս. եթէ Օրէնքը չըլլար՝ մեղքը մեռած պիտի մնար։ 9Ես ալ ժամանակ մը կենդանի էի, երբ Օրէնքը չկար. բայց երբ պատուիրանը եկաւ՝ մեղքը կեանք առաւ, 10իսկ ես մեղքով մեռայ։ Այսպէս ուրեմն, պատուիրանը որ ինծի կեանք պէտք էր տար՝ մահուան պատճառ եղաւ ինծի, 11պարզապէս որովհետեւ մեղքը առիթէն օգտուելով՝ պատուիրանին միջոցաւ խաբեց զիս եւ անով ալ սպաննեց։ 12Հետեւաբար, Օրէնքը ինք սուրբ է եւ պատուիրանն ալ սուրբ է, արդար ու բարի։ 13Բայց ուրեմն բարի պատուիրա՞նը ինծի մահ պատճառեց։ Բնա՛ւ երբեք։ Այլ՝ մեղքն էր որ բարի պատուիրանին միջոցաւ ինծի մահ պատճառեց, նախ՝ որպէսզի մեղքին ի՛նչ ըլլալը յայտնուի, եւ ապա՝ պատուիրանին միջոցաւ մեղքին առաւել ծանրութիւնը յայտնուի։
Մարդուն ներքին պայքարը
14Գիտենք անշուշտ, որ Օրէնքը հոգեւոր է. բայց ես մարմնեղէն եմ՝ մեղքին ստրուկ դարձած։ 15Ինչ որ կ՚ընեմ՝ չեմ հասկնար թէ ինչո՛ւ կ՚ընեմ։ Որովհետեւ ուզածս չէ որ կ՚ընեմ, այլ հակառակը՝ ատած բանս է որ կ՚ընեմ։ 16Իսկ եթէ չուզածս է որ կ՚ընեմ, արդէն վկայած կ՚ըլլամ թէ Օրէնքը բարի է։ 17Միւս կողմէ, ես չէ՛ որ ըրած կ՚ըլլամ զայն, այլ իմ մէջս բոյն դրած մեղքը։ 18Գիտեմ որ իմ մէջս, այսինքն իմ մարմինիս մէջ ոեւէ բարի բան չկայ։ Բարին կամենալը ձեռքս է, բայց չեմ յաջողիր զայն կատարել։ 19Եւ այսպէս, բարին՝ որ կը կամենամ, չեմ ըներ, այլ կ՚ընեմ չարը՝ որ չեմ ուզեր։ 20Ուրեմն, եթէ չուզածս է որ կ՚ընեմ՝ ես ըրած չեմ ըլլար զայն, այլ՝ իմ մէջս բոյն դրած մեղքը։ 21Արդ, ես կը գտնեմ հետեւեալ օրինաչափութիւնը, որ երբ կ՚ուզեմ բարին ընել՝ կը տեսնեմ որ միայն չարը ընելու ատակ եմ։ 22Ես իմ ներքին էութեամբս հաճոյքով կ՚ընդունիմ Աստուծոյ Օրէնքը. 23բայց իմ մարմինիսանդամներուն մէջ կը տեսնեմ տարբեր օրէնք մը, որ իմ մտքիս ընդունած Օրէնքին դէմ կը պատերազմի եւ զիս գերի կը պահէ մեղքի օրէնքին՝ որ իմ անդամներուս մէջ է։ 24Ի՜նչ խղճալի մարդ եմ։ Ո՞վ զիս պիտի փրկէ մահուան դատապարտուած այս մարմինէն։ 25Բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Ապա ուրեմն, ես ինքս միտքով Աստուծոյ Օրէնքին կը ծառայեմ, իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019