1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:25
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Բայց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։ Ապա ուրեմն, ես ինքս միտքով Աստուծոյ Օրէնքին կը ծառայեմ, իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին։
Compare
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:25
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:18
Գիտեմ որ իմ մէջս, այսինքն իմ մարմինիս մէջ ոեւէ բարի բան չկայ։ Բարին կամենալը ձեռքս է, բայց չեմ յաջողիր զայն կատարել։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:18
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:19
Եւ այսպէս, բարին՝ որ կը կամենամ, չեմ ըներ, այլ կ՚ընեմ չարը՝ որ չեմ ուզեր։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:19
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:20
Ուրեմն, եթէ չուզածս է որ կ՚ընեմ՝ ես ըրած չեմ ըլլար զայն, այլ՝ իմ մէջս բոյն դրած մեղքը։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:20
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:21-22
Արդ, ես կը գտնեմ հետեւեալ օրինաչափութիւնը, որ երբ կ՚ուզեմ բարին ընել՝ կը տեսնեմ որ միայն չարը ընելու ատակ եմ։ Ես իմ ներքին էութեամբս հաճոյքով կ՚ընդունիմ Աստուծոյ Օրէնքը.
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:21-22
6
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:16
Իսկ եթէ չուզածս է որ կ՚ընեմ, արդէն վկայած կ՚ըլլամ թէ Օրէնքը բարի է։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:16
Home
Bible
Plans
Videos