ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6
6
Մեռած՝ մեղքին եւ կենդանի՝ Քրիստոսի
1Ի՞նչ ըսենք, ուրեմն շարունակե՞նք մեղքի մէջ մնալ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը բազմանայ։ 2Քա՛ւ լիցի։ Մենք որ մեղքին համար մեռանք՝ ի՞նչպէս կրնանք տակաւին մեղքի մէջ ապրիլ։ 3Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք՝ որ Յիսուս Քրիստոսի միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտութեամբ անոր մահուան հաղորդակից դարձանք։ 4Այսինքն, մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք։ 5Եթէ Քրիստոսի կցորդ եղանք՝ իրեն պէս մեռնելով, նոյնպէս իրեն կցորդ պիտի ըլլանք՝ իրեն հետ յարութիւն առնելով։ 6Գիտենք թէ մեր մէջ եղող հին մարդը անոր խաչակից եղաւ՝ որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք։ 7Որովհետեւ երբ մէկը կը մեռնի՝ ա՛լ ազատած է մեղքէն։ 8Քանի մենք մեռանք Քրիստոսի հետ, կը հաւատանք թէ նաեւ անոր հետ պիտի ապրինք։ 9Գիտենք թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ այսուհետեւ չի մեռնիր, այլեւս մահը չի կրնար անոր տիրել։ 10Երբ մեռաւ՝ մեղքին համար մեռաւ, միակ անգամուան մը համար, եւ հիմա որ կենդանի է՝ Աստուծոյ համար կենդանի է։ 11Նոյնպէս ալ դուք, դուք ձեզ մեռած համարեցէք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
12Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով։ 13Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք։ 14Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին։
Արդարութեան ծառաներ
15Ուրեմն ի՞նչ. քանի շնորհքին ենթակայ ենք եւ ոչ Օրէնքին, մե՞ղք գործենք։ Բնա՛ւ երբեք։ 16Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք՝ անոր ծառան եղած կ՚ըլլաք։ Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ՚ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ՚արդարանաք։ 17Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզիաւանդուած վարդապետութեան օրինակին, 18մեղքի տիրապետութենէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք։ 19Ծառայի օրինակով կը խօսիմ, որովհետեւ այդպէս աւելի հասկնալի է ձեզի։ Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք։ 20Երբ մեղքին ծառայ էիք, հեռու էիք արդարութենէն։ 21Ի՞նչ շահեցաք այն ժամանակուան ձեր գործերէն, որոնցմէ կ՚ամչնաք հիմա. որովհետեւ անոնց հետեւանքը մահ է։ 22Բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաները։ Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը։ 23Որովհետեւ մեղքին վարձրատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Currently Selected:
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019