1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:23
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Որովհետեւ մեղքին վարձրատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Compare
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:23
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:14
Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:14
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:4
Այսինքն, մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ եղանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգուած կեանքով ապրինք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:4
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:13
Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ՝ դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:13
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:6
Գիտենք թէ մեր մէջ եղող հին մարդը անոր խաչակից եղաւ՝ որպէսզի մեղանչական մարդը մեռնի, որպէսզի այլեւս մեղքին չծառայենք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:6
6
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:11
Նոյնպէս ալ դուք, դուք ձեզ մեռած համարեցէք մեղքին համար եւ կենդանի՝ Աստուծոյ համար, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:11
7
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:1-2
Ի՞նչ ըսենք, ուրեմն շարունակե՞նք մեղքի մէջ մնալ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը բազմանայ։ Քա՛ւ լիցի։ Մենք որ մեղքին համար մեռանք՝ ի՞նչպէս կրնանք տակաւին մեղքի մէջ ապրիլ։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:1-2
8
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:16
Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք՝ անոր ծառան եղած կ՚ըլլաք։ Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ՚ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ՚արդարանաք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:16
9
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:17-18
Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզիաւանդուած վարդապետութեան օրինակին, մեղքի տիրապետութենէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:17-18
Home
Bible
Plans
Videos