1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:17-18
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Որովհետեւ Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած։ Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ։
Compare
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:17-18
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:8
Եթէ կ՚ապրինք՝ Տիրոջ համար կ՚ապրինք, եւ եթէ կը մեռնինք՝ Տիրոջ համար կը մեռնինք, որ կը նշանակէ թէ՝ ըլլա՛յ կեանքի եւ ըլլա՛յ մահուան մէջ՝ Տիրոջ կը պատկանինք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:8
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:19
Արդ, այսուհետեւ խաղաղութիւն փնտռենք եւ աշխատինք իրարու հաւատքը ամրապնդել։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:19
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:13
այսուհետեւ դադրի՛նք իրար քննադատելէ, եւ փոխարէնը ջանանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւ մեղանչումին պատճառ չդառնալ։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:13
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:11-12
որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.– «Ես ինձմով կ՚երդնում,– կ՚ըսէ Տէրը,– որ ամէն ծունկ պիտի խոնարհի առջեւս եւ ամէն լեզու պիտի խոստովանի թէ ես եմ Աստուածը»։ Քանի ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:11-12
6
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:1
Հաւատքի մէջ տկարացած մէկը ընդունեցէք՝ առանց իր խիղճը տանջող կասկածները քննադատելու։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:1
7
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:4
Ո՞վ ես դուն, որ Աստուծոյ ծառան կը դատես։ Տէրը ի՛նք միայն գիտէ՝ իր հաւատքին մէջ կանգո՞ւն է անիկա, թէ ինկած։ Բայց վստահ եղէք որ կանգուն պիտի մնայ, որովհետեւ Տէրը կրնայ զայն կանգուն պահել։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 14:4
Home
Bible
Plans
Videos