YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 13

13
Հնազանդիլ իշխանութեան
1Ամէնմարդ պէտք է հնազանդի պետական իշխանութեանց, որովհետեւ առանց Աստուծոյ թոյլտուութեան իշխանութիւն չի կրնար ըլլալ, եւ գոյութիւն ունեցող իշխանութիւնները Աստուծմէ կարգուած են։ 2Ուստի, ով որ իշխանութեանց կը հակառակի՝ Աստուծոյ հրամանին է որ հակառակած կ՚ըլլայ, եւ հակառակողները իրենք զիրենք դատապարտութեան տակ կը դնեն։ 3Իշխողները վախ չեն պատճառեր բարիք գործողներուն, այլ միայն չարագործներուն։ Դուն կ՚ուզե՞ս իշխանութենէն չվախնալ։ Բարի՛ք գործէ, եւ անկէ գովասանք կը լսես. 4որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեան է անիկա, քու բարիքիդ համար կարգուած։ Իսկ եթէ չար գործես՝ վախցի՛ր անկէ, որովհետեւ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ. որպէս Աստուծոյ պաշտօնեայ՝ բարկութեամբ կը դատէ եւ կը պատժէ չարագործները։ 5Ահա թէ ինչու՝ պէտք է իշխանութեանց հնազանդիլ. ո՛չ միայն պատիժէն զերծ մնալու, այլ մանաւանդ խիղճով հանգիստ ըլլալու համար։ 6Ատոր համար է նաեւ, որ իշխանութեանց տուրք կը վճարէք, որպէսզի իբրեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ՝ շարունակեն իրենց այդ դերը կատարել։ 7Հետեւաբար անոնցմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ ձեր պարտաւորութիւնը կատարեցէք, տուրքը տալով անոր՝ որուն տուրք պէտք է տաք, մաքսը տալով անոր՝ որուն մաքս պէտք է տաք, հնազանդելով անոր՝ որուն հնազանդութիւն կը պարտիք եւ յարգելով ան՝ որուն յարգանք կը պարտիք։
Սէր իրարու հանդէպ
8Ոեւէ մէկուն ոեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք. միմիայն իրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ՚ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը։ 9Որովհետեւ Աստուծոյ պատուիրանները, «Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ ցանկար» եւ միւս բոլորը, խտացած են սա միակ պատուիրանին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»։ 10Ով որ իր ընկերը կը սիրէ, չարիք չ՚ըներ անոր։ Ուրեմն սիրել՝ կը նշանակէ Աստուծոյ Օրէնքը լման գործադրել։
11Սիրոյ այս սկզբունքով ընթացէք, գիտնալով թէ ի՛նչ ժամանակի մէջ կ՚ապրինք։ Ժամանակն է որ քունը թօթափենք եւ արթննանք, որովհետեւ հիմա փրկութիւնը աւելի մօտ է մեզի, քան այն ատեն՝ երբ հաւատացինք։ 12Գիշերը ահա կ՚անցնի եւ ցերեկը մօտ է։ Ուստի խաւարի գործերէն հեռանանք եւ լոյսի զէնքերը մեր վրայ առնենք, 13ապրելու համար այնպէս՝ ինչպէս վայել է լոյսի մէջ քալողներուն, փոխանակ անառակութեամբ, արբեցութեամբ, խառնակեցութեամբ ու պղծութեամբ, կամնախանձով ու հակառակութեամբ ապրելու։ 14Տէր Յիսուս Քրիստոսի նկարագիրը ձեր վրայ առէք, եւ մարմնի ցանկութիւնները կատարելու հետամուտ մի՛ ըլլաք։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in