YouVersion Logo
Search Icon

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12

12
Ապրիլ Աստուծոյ ծառայութեան մէջ
1Ուստի, եղբայրնե՛ր, քպնի Աստուպծ ա՜յնքան ողորմպծ եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը։ 2Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ։
3Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրիդ.– Մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ։ 4Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, 5այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք։ Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք, 6բայց Աստուծոյ շնորհքը իւրաքանչիւրիստարբեր պարգեւ մը տուած է, որ պէտք է գործածենք։ Եթէ մարգարէութեան պարգեւըունինք՝ պէտք է պատգամենք մեր հաւատքին համեմատ։ 7Եթէ ծառայելու շնորհքը տրուած է՝ պէտք է ծառայենք։ Եթէ ուսուցանելու ձիրքը ունինք՝ պէտք է ուսուցանենք։ 8Եթէ յորդորելու կարողութիւնը ունինք՝ պէտք է յորդորենք։ Իր ունեցածը ուրիշներուն բաժնողը առատօրէն թող բաշխէ։ Վերակացու եղողը եռանդագին թող աշխատի։ Ողորմութիւն ընողը խնդութեամբ թող ընէ։
9Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ։ Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք։ 10Եղբօրպէս իրար սիրեցէք գորովանքով։ Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք։ 11Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու։ Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք։ 12Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք։ 13Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք։ 14Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք։ 15Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք։ 16Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք։
17Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է։ 18Որքան կրնաք՝ ամենուն հետ խաղաղ ապրեցէք։ 19Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ», 20իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.–
«Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն.
եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։
Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»։
21Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in