1
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:2
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
WANTACoC
Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուած միտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը, գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է իրեն եւ կատարեալ։
Compare
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:2
2
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:1
Ուստի, եղբայրնե՛ր, քպնի Աստուպծ ա՜յնքան ողորմպծ եղաւ մեզի հանդէպ, կ՚աղաչեմ որ դուք ձեզ Աստուծոյ ընծայէք որպէս կենդանի զոհ մը՝ իրեն վերապահուած, որովհետեւ ատիկա՛ է Աստուծոյ ուզած հոգեւոր պաշտամունքը։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:1
3
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:12
Յոյսով ուրախացէք, նեղութեանց մէջ համբերող եղէք, յարատեւ աղօթեցէ՛ք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:12
4
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:21
Մի՛ պարտուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:21
5
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:10
Եղբօրպէս իրար սիրեցէք գորովանքով։ Յարգելու մէջ իրար գերազանցեցէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:10
6
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:9
Ձեր սէրը թող անկեղծ ըլլայ։ Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:9
7
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:18
Որքան կրնաք՝ ամենուն հետ խաղաղ ապրեցէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:18
8
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:19
Սիրելինե՛ր, երբեք դուք անձամբ վրէժ լուծելու մասին մի՛ մտածէք, այլ ձգեցէք որ Աստուծոյ բարկութիւնը ընէ ատիկա. որովհետեւ Տէրը Սուրբ գիրքին մէջ կ՚ըսէ. «Ի՛մս է դատելու եւ պատժելու իրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ»
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:19
9
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:11
Եռանդագին աշխատեցէք առանց ծուլանալու։ Ջերմեռանդ հոգիով Տիրոջ ծառայեցէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:11
10
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:3
Ինծի տրուած Աստուծոյ շնորհքով հետեւեալ պատուէրը կու տամ իւրաքանչիւրիդ.– Մեծամիտ մի՛ ըլլաք. ընդհակառակը, միշտ համեստ եղէք եւ միայն Աստուծմէ ձեզի տրուած հաւատքին չափով գնահատեցէք դուք ձեզ։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:3
11
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:17
Ոեւէ մէկուն չարիքին՝ չարիքով մի՛ հատուցանէք։ Ջանացէք ընել այն՝ ինչ որ բոլոր մարդոց աչքին բարի է։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:17
12
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:16
Բոլորին հանդէպ նոյն վերաբերումը ունեցէք. մեծամիտ մի՛ ըլլաք, խոնարհ մարդոց ալ ընկերութիւն ընելու զիջեցէք, եւ դուք ձեզ իմաստուն մի՛ համարէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:16
13
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:20
իսկ ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ.– «Եթէ թշնամիդ քաղցած է՝ հաց տուր իրեն. եթէ ծարաւ է՝ ջուր տուր։ Այսպէս վարուելովդ արդէն ամօթը զինք կ՚այրէ»։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:20
14
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:14-15
Օրհնեցէ՛ք ձեզ հալածողները. մի՛ անիծէք, այլ օրհնեցէք։ Ուրախացողներուն հետ ուրախացէք եւ լացողներուն հետ լացէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:14-15
15
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:13
Կարիքի մէջ եղող եղբայրներուն օգնեցէք եւ միշտ հիւրասէր եղէք։
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:13
16
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:4-5
Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք։ Թէպէտ որպէս անդամներ իրարու կապուած ենք
Explore ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 12:4-5
Home
Bible
Plans
Videos