ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 27
27
Պօղոս նաւով ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Հռոմ
1Երբ որոշուեցաւ որ նաւով Իտալիա երթանք, Պօղոսը եւ քանի մը ուրիշ բանտարկեալներ յանձնեցին «Կայսերական» կոչուած գունդէն Յուլիոս անունով հարիւրապետի մը։ 2Բարձրացանք Ատրամիդդական նաւ մը, որ Ասիա նահանգին կողմերէն պիտի անցնէր, ու ճամբայ ելանք։ Մեզի հետ էր նաեւ Արիստարքոս Մակեդոնացին, Թեսաղոնիկէէն։
3Երբ յաջորդ օր Սիդոն ոտք դրինք, Յուլիոս մարդասիրութիւն ցուցնելով՝ Պօղոսին արտօնեց որ բարեկամներուն քով երթայ, որպէսզի իր կարիքները հոգան։
4Հոնկէ ճամբայ ելլելով՝ Կիպրոսի վարի կողմէն վեր բարձրացանք, քանի հովը մեզի հակառակ կը փչէր։ 5Ապա Կիլիկիայի եւ Պամփիլիայի ծովէն նաւարկելով՝ հասանք Լիկիա նահանգի Միռա քաղաքը։ 6Հոն հարիւրապետը Աղեքսանդրիական նաւ մը գտաւ, որ Իտալիա կ՚երթար, եւ մեզ այդ նաւը տարաւ։ 7Բազմաթիւ օրեր նաւարկեցինք շատ դանդաղ, եւ դժուարաւ Կնիդոսի մօտերը հասանք։ Բայց հովը թոյլ չտուաւ որ ուղիղ շարունակենք. ուստի նաւարկեցինք հարաւ՝ դէպի Կրետէ, Սալմոնէ հրուանդանին կողմէն։ 8Դժուարութեամբ կղզին եզերելով՝ եկանք տեղ մը որ Գեղեցիկ Նաւահանգիստ կը կոչուէր, եւ որուն մօտիկն էր Լասէա քաղաքը։
Փոթորիկ ծովուն վրայ
9Բաւական ժամանակ կորսնցուցած էինք, եւ նաւարկութիւնը արդէն վտանգաւոր դարձած էր, որովհետեւ աշնան սկիզբին հանդիպող ծոմապահութեան օրն ալ անցած էր։ Պօղոս կը յորդորէր զանոնք, 10ըսելով.
–Ո՛վ մարդիկ, կը տեսնեմ որ հիմա նաւարկելը ո՛չ միայն նաւուն ու բեռներուն մեծ վնաս պիտի հասցնէ, այլ մեր կեանքերն ալ վտանգի պիտի ենթարկէ։
11Սակայն հարիւրապետը աւելի նաւապետին ու նաւատիրոջ խօսքը մտիկ կ՚ընէր, քան Պօղոսի։ 12Եւ քանի նաւահանգիստն ալ շատ յարմար չէր ձմերելու, ճամբորդներուն մեծ մասը համաձայն եղաւ որ հոնկէ ճամբայ ելլեն եւ փորձեն հասնիլ Փիւնիկէ, որ Կրետէի մէկ նաւահանգիստն էր, դէպի հարաւ–արեւմուտք եւ հիւսիս–արեւմուտք նայող, հոն ձմերելու համար.
13Երբ հարաւային մեղմ հով մը սկսաւ փչել, ենթադրելով որ կրնան որոշուած տեղը հասնիլ՝ խարիսխները վերցուցին եւ սկսան նաւարկել, առանց հեռանալու Կրետէի ծովափէն։ 14Բայց շատ չանցած, կղզիին կողմէն փոթորկալից հով մը ելաւ, «հիւսիս–արեւելեան հով» անունով ծանօթ։ 15Նաւը փոթորիկէն բռնուեցաւ, եւ քանի որ կարելի չէր հովին դէմ երթալ՝ ձգեցինք որ հովէն քշուի։ 16Մինչ Կլաւդա կոչուած փոքրիկ կղզիի մը հարաւէն կ՚անցնէինք, հազիւ կրցանք փրկել մակոյկը, 17որ նաւաստիները վեր քաշեցին։ Յետոյ ապահովութեան համար պարաններով նաւուն մէջքը կապեցին։ Եւ վախնալով որ կրնան երթալ Սիրտիսի ծանծաղուտին մէջ խրիլ, առագաստը իջեցուցին եւ այնպէս յանձնուեցան հովին։
18Փոթորիկը կը շարունակէր կատաղօրէն ծեծել մեզ. ուստի յաջորդ օր բեռները ծով թափեցին, 19իսկ երրորդ օրը իրենք իրենց ձեռքով նաւուն գործիքներէն մաս մը դուրս նետեցին։ 20Քանի մը օր ո՛չ արեւուն երեսը տեսանք եւ ո՛չ ալ աստղերուն, իսկ փոթորիկը նոյն թափով կը շարունակուէր. այնպէս որ փրկութեան ամէն յոյս կորսնցուցինք։
21Երկար ատենէ ի վեր մարդ բան չէր կերած։ Ուստի Պօղոս ոտքի ելաւ ու մէջտեղ գալով ըսաւ անոնց.
–Ո՛վ մարդիկ, պէտք էր մտիկ ընէիք ինծի եւ Կրետէէն չելլէինք։ Այն ատեն այս նեղութիւնը եւ վնասը չէինք կրեր։ 22Իսկ հիմա կը թելադրեմ որ սիրտ առնէք։ Ձեզմէ ոեւէ մէկուն բան պիտի չըլլայ. միայն նաւն է որ պիտի խորտակուի։ 23Որովհետեւ գիշերը Աստուծոյ հրեշտակը ինծի երեւցաւ — այն Աստուծոյն՝ որուն կը պատկանիմ եւ որուն կը ծառայեմ — 24եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Պօղո՛ս, դուն տակաւին կայսրին դիմաց ալ վկայութիւն պիտի տաս։ Եւ ահա Աստուած քեզի շնորհք մը ըրաւ, որ քեզի հետ նաւարկողները բոլորն ալ ողջ մնան»։ 25Հետեւաբար սի՛րտ առէք, մարդիկ, որովհետեւ կը հաւատամ Աստուծոյ. պիտի ըլլայ ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ինծի ըսաւ։ 26Մենք կղզիի մը մէկ ափը պէտք է իյնանք։
Նաւաբեկութենէնազատումը
27Տասնըչորրորդ գիշերը, մինչդեռ Ադրիական ծովու ջուրերուն մէջ կը ծփայինք, կէս գիշերին նաւաստիներուն թուեցաւ՝ թէ ցամաքի մը կը մօտենանք։ 28Խորաչափը նետեցին եւ տեսան որ խորութիւնը շուրջ քառասուն մեթր էր։ Քիչ մըն ալ յառաջանալէ ետք կրկին նետեցին եւ շուրջ երեսուն մեթր ցոյց տուաւ։ 29Սարսափած, որ չըլլայ թէ յանկարծ ժայռերու զարնուինք, նաւուն ետեւի կողմէն չորս խարիսխներ ձգեցին, եւ անձկութեամբ կը սպասէին որ լուսնայ։ 30Քիչ ետք նաւաստիները խորհեցան նաւէն փախչիլ, եւ մակոյկը ծով իջեցուցին, պատճառաբանելով՝ թէ առջեւի կողմէն ալ խարիսխ պիտի ձգեն։ 31Պօղոս հարիւրապետին ու զինուորներուն ըսաւ.
–Եթէ այս մարդիկը նաւուն մէջ չմնան՝ դուք չէք կրնար փրկուիլ։
32Այն ատեն զինուորները մակոյկին պարանները կտրեցին եւ ձգեցին որ երթայ։
33Երբ օրը սկսաւ լուսնալ, Պօղոս բոլորէն խնդրեց որ բան մը ուտեն, ըսելով անոնց.
–Այսօր տասնըչորրորդ օրն է որ սպասողական վիճակի մէջ՝ անօթի կը մնաք եւ բան չէք կերած։ 34Կ՚աղաչեմ որ բան մը ուտէք, որովհետեւ փրկուելու համար սնունդի պէտք ունիք։ Ոեւէ մէկուդ գլուխէն մազ մը իսկ պիտի չկորսուի։
35Ասիկա ըսելէ ետք՝ հաց առաւ, բոլորին ներկայութեան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, եւ զայն կտրելով՝ սկսաւ ուտել։ 36Ատոր վրայ բոլորն ալ սիրտ առին եւ իրենք ալ սկսան ուտել։ 37Նաւուն վրայ բոլորս միասին երկու հարիւր եօթանասունվեց հոգի էինք։ 38Ուտել կշտանալէ ետք նաւը թեթեւցուցին՝ ցորենը ծով թափելով։
39Երբ օրը բացուեցաւ, նաւաստիները չգիտցան թէ երեւցողը ի՛նչ ցամաք է։ Բայց նշմարեցին ծոց մը, որ ծովափ ունէր, եւ կ՚ուզէին հոն հասցնել նաւը, եթէ հնարաւոր ըլլար։ 40Կտրեցին խարիսխները եւ զանոնք ծովուն մէջ թողուցին։ Ապա քակեցին ղեկերուն պարանները եւ առաջամասի առագաստը բացին հովուն դիմաց, որ դէպի ծովափ կը փչէր։ 41Բայց նաւը երկու հոսանքներու միջեւ ծանծաղուտի մը հանդիպելով՝ կողի վրայ նստաւ։ Առաջամասը աւազին մէջ խրած՝ անշարժ մնաց, մինչ յետսամասը ալիքներու սաստկութենէն սկսաւ քայքայուիլ։ 42Զինուորները խորհեցան բանտարկեալները սպաննել, որպէսզի չըլլայ որ ոեւէ մէկը լողալով փախչի։ 43Բայց որովհետեւ հարիւրապետը կ՚ուզէր Պօղոսը ազատել, արգելք եղաւ անոնց ծրագրին։ Հրամայեց՝ որ լողալ գիտցողները նախ ջուր նետուին ու ցամաք դուրս գան, 44իսկ միւսները անոնց հետեւին՝ ոմանք տախտակներուն եւ ոմանք նաւուն միւս կտորներուն կառչելով։ Եւ այդպէս ալ բոլորը ազատեցան եւ ցամաք ելան։
Currently Selected:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 27: WANTACoC
Highlight
Share
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019