երբ Եսայի մարգարէին բերնով՝ ըսաւ.–
«Գնա՛ եւ ըսէ այս ժողովուրդին.–
Անդադար պիտի լսէք բայց պիտի չհասկնաք,
շարունակ պիտի նայիք բայց պիտի չտեսնէք։
Որովհետեւ այս ժողովուրդին միտքը թանձրացած է.
իրենց ականջները խցած են
եւ իրենց աչքերը փակած,
որպէսզի չըլլայ որ իրենց աչքերը տեսնեն
կամ ականջները լսեն
եւ միտքերը հասկնան ու դարձի գան,
եւ ես զանոնք բժշկեմ»։