YouVersion Logo
Search Icon

ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 18

18
Պօղոս Կորնթոսի մէջ
1Անկէ ետք Պօղոս Աթէնքէն մեկնելով՝ եկաւ Կորնթոս։ 2Այնտեղ գտաւ ծնունդով Պոնտացի Հրեայ մը, Ակիլաս անունով, որ իր կնոջ՝ Պրիսկիլայի հետ դեռ նոր եկած էր Իտալիայէն, որովհետեւ Կլաւդիոս կայսր հրամայած էր որ բոլոր Հրեաները Հռոմէն հեռացուին։ Պօղոս անոնց քով մնաց, 3եւ քանի արհեստակից էր՝ անոնց քով կը մնար եւ կ՚աշխատէր, որովհետեւ արհեստով վրանագործ էին։ 4Ամէն Շաբաթ օր ժողովարանին մէջ կը խօսէր, ջանալով համոզել Հրեաներն ու Յոյները։
5Երբ Շիղա եւ Տիմոթէոս Մակեդոնիայէն եկան, Պօղոս ամբողջ հոգիով ճիգ կը թափէր՝ վկայութեամբ ապացուցանելու Հրեաներուն, թէ Յիսուս սպասուած Փրկիչը՝ Քրիստոսն է։ 6Եւ երբ անոնք հակառակեցան եւ հայհոյեցին իրեն, Պօղոս իր հագուստները թօթուելով ըսաւ.
–Ձեր արիւնը՝ ձեր գլուխը, ա՛լ ես յանցաւոր չեմ։ Ասկէ ետք հեթանոսներուն պիտի երթամ։
7Եւ հոնկէ ելլելով՝ մտաւ Տիտոս Յուստոս անունով աստուածապաշտ մարդու մը տունը, որ ժողովարանին կից էր։ 8Ժողովրդապետը՝ Կրիսպոս, իր ամբողջ ընտանիքով հաւատաց Տիրոջ։ Շատ մը Կորնթացիներ լսելով Պօղոսը, հաւատացին եւ մկրտուեցան։ 9Գիշերը, Տէրը տեսիլքի մը մէջ ըսաւ Պօղոսին.
–Անվախօրէն խօսէ, լուռ մի՛ մնար, 10որովհետեւ ես քեզի հետ եմ։ Ոեւէ մէկը քեզի դէմ պիտի չելլէ եւ վնաս պիտի չհասցնէ քեզի, որովհետեւ այս քաղաքին մէջ ես մեծ թիւով ժողովուրդ ունիմ։
11Ուստի Պօղոս տարի մը եւ վեց ամիս այնտեղ մնաց, Աստուծոյ խօսքը ուսուցանելով անոնց։
Պօղոսը վտարելու փորձ
12Աքայիայի փոխ–բդեշխին՝ Գալիոնի օրերուն, Հրեաները միաբանելով՝ Պօղոսի դէմ ելան եւ զայն ատեան տարին, 13ըսելով.
–Ասիկա մարդիկը կը դրդէ՝ մեր Օրէնքին հակառակ ձեւով պաշտելու զԱստուած։
14Հազիւ Պօղոս իր բերանը պիտի բանար, Գալիոն Հրեաներուն ըսաւ.
–Եթէ ոեւէ չար բան՝ անիրաւութիւն կամ խարդախութիւն գործած ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, ճիշդ պիտի ըլլար որ ձեր բողոքը լսէի։ 15Բայց քանի խնդիրը ոեւէ խօսքի բացատրութեան, անուններու կամ ձեր Օրէնքին կը վերաբերի, դուք ձեր միջեւ կարգադրեցէք։ Ես այդպիսի բաներու դատաւորութիւն ընել չեմ ուզեր։
16Եւ զանոնք ատեանէն դուրս դրաւ։ 17Ասոր վրայ, Յոյները բոլորը մէկ բռնեցին Սոսթենէս ժողովրդապետը եւ ատեանին առջեւ ծեծեցին։ Բայց ասիկա բնաւ Գալիոնի հոգը չեղաւ։
Վերադարձ դէպի Անտիոք
18Պօղոս ժամանակ մը եւս մնալէ ետք, հաւատացեալ եղբայրներէն հրաժեշտ առաւ՝ նաւով Սուրիա երթալու համար։ Պրիսկիլա ու Ակիլաս միասին էին։ Կենքրայէն ճամբայ ելլելէ առաջ իր մազերը ածիլեց, որովհետեւ ուխտ ըրած էր։
19Երբ Եփեսոս հասան, զանոնք քաղաք ձգելով՝ ինք գնաց տեղւոյն ժողովարանը եւ խօսեցաւ Հրեաներուն: 20Աղաչեցին որ երկար ժամանակով մնայ այնտեղ, բայց ինք յանձն չառաւ, 21այլ՝ հրաժեշտ առաւ անոնցմէ, ըսելով.
–Յառաջիկայ տօնը անպայման Երուսաղէմի մէջ պէտք է կատարեմ. բայց եթէ Աստուած կամենայ՝ դարձեալ կու գամ ձեզի։
22Եփեսոսէն նաւ առնելով՝ եկաւ Կեսարիա, եւ Երուսաղէմ ելլելով՝ողջունեց եկեղեցին։ Ապա գնաց Անտիոք։ 23Ժամանակ մը հոն մնալէ ետք՝ ելաւ եւ սկսաւ շրջիլ նախ Գաղատացիներու երկիրը եւ ապա Փռիւգիա, զօրացնելով Տիրոջ բոլոր աշակերտածները։
Եռանդուն քարոզիչ մը՝ Ապողոս
24Ապողոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով Աղեքսանդրացի, որ ճարտարախօս էր եւ քաջածանօթ Սուրբ գիրքերուն, եկաւ հասաւ Եփեսոս։ 25Անիկա Տիրոջ վարդապետութեամբ դաստիարակուած էր, հոգիով կ՚եռար, կը քարոզէր եւ ճշգրտութեամբ կ՚ուսուցանէր Յիսուսի մասին։ Գալով մկրտութեան, միայն Յովհաննէսի քարոզած մկրտութեան ծանօթ էր։ 26Անիկա սկսաւ համարձակ կերպով խօսիլ ժողովարանին մէջ։ Երբ Ակիլաս եւ Պրիսկիլա լսեցին իր քարոզութիւնը, զայն իրենց քով առին եւ աւելի ճիշդ ձեւով իրեն պարզեցին Աստուծոյ ճամբան։ 27Երբ Ապողոս ուզեց Աքայիա երթալ, հաւատացեալ եղբայրները համաձայն գտնուեցան եւ գրեցին այնտեղի հաւատացեալներուն՝ որ ընդունին զայն։ Իսկ Ապողոս երբ հոն հասաւ՝ Աստուծոյ շնորհքով մեծապէս օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն, 28որովհետեւ հրապարակաւ զօրեղապէս կը հերքէր Հրեաներու առարկութիւնները, Սուրբ գիրքերուն մէջէն ցոյց տալով՝ թէ Յիսուսը խոստացուած Քրիստոսն է։

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in